2017-11-27 08:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Մայանմար սկիզբ տալով 21-րդ առաքելական ճամբորդութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 նոյեմբեր 2017-ի  երեկոյեան սկիզբ առաւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջազգային առաքելական 21-րդ ճամբորդութիւնը որ զինք առաջնորդեց նախ Մայանմար ապա Պանկլատէշ։

Մայանմարի պարագային Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիսանայ առաջին քահանայապետը որ կ՛այցելէ՝ Պուտայական կրօնի հետեւող մեծամասնութիւն կազմող բնակչութեամբ  նախկին Պիրմանիան, մինչ Պանկլատէշի պարագային, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը մահմետականներ են, Նորին Սրբութիւնը երրորդ Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ երկիրը։

Ֆրանչիսկոս Սրաբազան Քահանայապետին այս ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ ապա երրորդը կատարուած Ասիական ցամաքամասին, 2014—ին Քորէա  եւ 2015-ին Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ  կատարած առաքելական այցելութիւններէն ետք։

«Սէր եւ Խաղաղութիւն» ապա «ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն» նշանաբաններով է որ Սրբազան Պապը իր խոնարհ ուխտաւորի ուխտագնացութիւնը կը կատարէ վերոնշեալ երկիրներուն իր հետ տանելով խաղաղութեան ու երկխօսութեան պատգամ մը ի տես բաժանումներուն ու ցեղա-կրօնական հակամարտութիւններուն որոնք տակաւին արիւն ու վէրքեր կը յառաջացնեն ինչպէս է պարագան Ռոհիկիա մահմետական ցեղախումբին որ վերջին տարիներուն Մայանմարի մէջ ենթարկուած է հարստահարումներու ու հալածանքներու։

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելութիւն պիտի ըլլայ ապա իրենց հաւատքին մէջ ամրապնդել այդ երկու երկիրներու մէջ փոքրամասնութիւն կազմող կաթողիկէ հաւատացեալները ու զանոնք քաջալերել գործելու ի նպաստ խաղաղութեան ու հասարակաց բարիքին։ 

Նորին Սրբութիւնը 26 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը՝ 9-40-ին մեկնեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն  ուղղուելով Մայանմարի՝ Եանկոն քաղաք,  ուր  ժամանեց 10 ժամ 20 վայրկեան տեւող ճամբորդութենէ ետք, երկուշաբթի, 27 նոյեմբերի տեղական ժամով 13.22 (Հռոմի ժամով 7.52)։

Օդակայանի մէջ տեղի ունեցող  Նորին Սրբութեան ի պատիւ  պաշտօնական  ընդունելութիւնէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Եանկոնի առաջնորդարան որ այս օրերուն կը հանդիսանայ իր նստավայրը տրուած ըլլալով որ Սուրբ Աթոռն ու Մայանմարը իրենց դիւանագիտական կապերը հաստատեցին միայն անցեալ 4 մայիսին, մինչ Մայանմարի Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանը իր հաւատարմագիրերը յանձնեց 9 նոյեմբեր 2017-ին։

Այս առաջին օրուան ընթացքին նախատեսուած չեն պաշտօնական այլ հանդիպումներ որոնք ապա տեղի պիտի ունենան Երեքշաբթի, 28 նոյեմբերին,  երբ ֆրանչիսկոս Պապ օդանաւով կը փոխադրուի Նայ Փյի Թաու, ուր առաւօտեան,  նախագահական պալատին մէջ տեղի կ՛ունենայ  բարի գալուստի  պաշտօնական արարողութիւնը, ապա քաղաքավարական այցելութիւն նախագահին ու Պետական Խորհրդատուին հետ, հուսկ հանդիպում երկրի քաղաքական  ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ,  որոնց Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղէ իր պատգամը ու երեկոյեան ժամը 7.25ի, վերադարձ կը կատարէ  Եանկոն, աւարտելով առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.