2017-11-27 09:16:00

Փաքիստանեան բանակը «պատրաստ է» Իսլամապատի մէջ անկարգութիւններուն դէմ պայքարին մէջ կառավարութեան օժանդակելու


Փաքիստանեան բանակը յայտնեց, թէ «ամբողջովին պատրաստ է» մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ մայրուղի մը փակած իսլամական ցուցարարները ցրուելու աշխատանքին մէջ կառավարութեան օժանդակելու:

Կառավարութիւնը կարգ ու կանոնի հաստատման համար բանակին օժանդակութիւնը խնդրեց, երբ ոստիկանութիւնը շաբաթ օր ձախողեցաւ ցուցարարները ցրուել:

Բանակը անուղղակի կերպով քննադատեց կառավարութիւնը` յայտնելով, թէ ոստիկանութիւնը ճիշդ կերպով չէ օգտագործուած:

Ծայրայեղ իսլամական Թարհիք ի Լապայք Եա Ռասուլ Ալլա կուսակցութենէն ցուցարարներ քանի մը շաբաթէ ի վեր կը փակեն Ֆայիզապատ մայրուղին` պահանջելով հրաժարականը արդարադատութեան նախարար Զահիտ Համիտի, որ ըստ իրենց, հայհոյութիւն կատարած է, երբ ընտրական երդումին նոր տարբերակէն ջնջած է Մոհամետ մարգարէի նշումը:

Նախարարը օրին ներում հայցած էր` նշելով, որ կատարուածը ընդօրինակութեան վրիպակ մըն էր: Երէկ հաղորդուեցաւ, որ անոնք այժմ կը պահանջեն ամբողջ կառավարութեան հրաժարականը:Ցոյցերը տարածուած են նաեւ այլ քաղաքներու մէջ, ներառեալ` Լահորը եւ Քարաչին:

Կը հաղորդուի, որ ոստիկանութեան ու ցուցարարներուն միջեւ բախումներու ընթացքին արձանագրուած է 6 զոհ եւ շուրջ 200 վիրաւոր:








All the contents on this site are copyrighted ©.