2017-11-26 09:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրամօր կը յանձնէ միջազգային առաքելական 21-րդ ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 25 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Մայանմար եւ Պանկլատէշ կատարելիք միջազգային առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին,  իր սովորութեան համաձայն, այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան ուր  «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ, անոր ապաւինելով այս 21-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը որ սկիզբ պիտի առնէ 26 նոյեմբերի երեկոյեան 9.40-ին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.