2017-11-26 13:30:00

«Տէր Յիսուս յիշէ մեզ քու թագաւորութեանդ մէջ» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Կիրակի 26 նոյեմբերին Տիեզերական Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւորի տօնը որ հաստատուած է Պիոս ԺԱ Քահանայապետի կողմէ 1925-ին, այդ տարուայ Յոբելենական Տարւոյն աւարտին։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց այսօրուայ ընթացքին մեր հայեացքը ուղղելու Յիսուսին ու Անոր աղերսելու որ մեզ ալ յիշէ իր թագաւորութեան մէջ։

«Այսօր նայինք Յիսուսին ու սրտաբուխ կրկնենք «Յիշէ զիս Տէր, հիմա որ քու Թագաւորութեանդ մէջն ես» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.