2017-11-25 14:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը՝ առաքելական 21-րդ ճամբորդութեան նախօրեակին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Մինչ կը պատրաստուիմ այցելելու Մայանմարն ու Պանկլատէշը կը փափաքիմ ողջոյնի ու բարեկամութեան խօսք ուղղել այդ երկիրներու ժողովուրդներուն։ Անհամբեր կը սպասեմ ձեր հետ հանդիպումին»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ՝ 25 նոյեմբերին հրապարակած թուիթին մէջ, Մայանմար եւ Պանկլատէշ կատարելիք 21-րդ միջազգային ճամբորդութեան նախօրեակին, որ սկիզբ պիտի առնէ կիրակի 26 նոյեմբերի երեկոյեան ու վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 2 դեկտեմբերին։ Սրբազան Քահանայապետին թուիթին պարունակութիւնը քաղուած է Անոր՝ անցեալ օրերուն հրապարակած երկու երկիրներու բնակչութեան յղած լսատեսողական պատգամներէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.