2017-11-25 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի եկեղեցական վերին ատեանի դասընթացքի մասնակիցները


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 25 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի եկեղեցական վերին ատեանի, ամուսնութեան նոր ընթացակարգերու մասին կազմակերպուած դասընթացքին մասնակիցները եւ անոնց  ուղղած խօսքին մէջ անդրադառնալով դասընթացքին նիւթին,  յորդորեց որ անոնք  յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեն Իր երկու՝   Mitis Iudex Dominus Iesus e Mitis et misericors Iesus, ինքնագիրերուն,  կիրարկելու համար  ամուսնութեան հայոյ նոր ընթացակարգերը , որոնք բխած են  եպիսկոպոսներուն ընտանիքի մասին գումարուած  սիւնհոդսոսէն։ 

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա վերոնշեալ  Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, ընդգծելով անոր նպատակը,  որ եղած է խթանել եւ պաշտպանել ընտանիքը ինչպէս նաեւ քրիստոնէական պսակը՝  պսակեալ  հաւատացեալներու մեծագոյն բարիքին համար , խնդրելով ներկաներէն, որ  իրենց հասարակութիւններուն մէջ ջանք թափեն միսոնարներ  ըլլալու ինչպէս նաեւ վկաները  Սիւնհոդասական հոգիին։   

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց ամուսնութեան հայող իր երկու  ինքնագիրերուն վրայ,  որոնց մէջ կը խօսուի,  ամուսանալուծումի  եկեղեցական ատեանի գործընթացէն ներս՝  թեմական Եպիսկոպիոսի  դերի ու անոր  հովուական  իշխանութեան մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց ներկաներուն մաղթելով ամենայն բարիք իրենց  եկեղեցիներուն ի նպաստ մատուցած ծառայութեան համար բոլորին շնորհելով Տիրոջ օրհնութիւնը եւ անոնց վրայ հայցելով  Տիրամօր հովանին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.