2017-11-25 10:00:00

Թուրքիան աւարտած Է Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ շաղախէ պատի եւ աշտարակներու կառուցումը


Թուրքիան ամբողջութեամբ աւարտած է Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ կատարուած անվտանգութեան միջոցառումներու ծրագիրը, մասնաւորաբար` շաղախէ պատի եւ հսկողութեան աշտարակներու կառուցման աշխատանքները:

«Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ պատին ընդհանուր երկարութիւնն է 774 քիլոմեթր:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, թէ պարեկային աշտարակներու վրայ հսկողութիւնը կրնան կատարել տասը զինուորներ:

Սահմանային տարածքը յագեցած է նաեւ ձայնային զգայակներով, անօդաչու թռչող սարքերով, լուսաւորման համակարգերով եւ այլ անհրաժեշտ սարքերով:

Թուրքիան կը պնդէ, որ այս քայլով կը փորձէ պաշտպանել իր սահմանները Սուրիոյ կողմէ եկող ահաբեկչական վտանգէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.