2017-11-25 10:57:00

Երանելի կը հռչակուի Քոյր Քաթալինա Տէ Մարիա Ռոտրիկէզ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 25 նոյեմբեր 2017-ին, Արժանթինի Քորտոպա քաղաքին մէջ,  երանելիներու շարքին կը դասուի Քոյր Քաթալինա Տէ Մարիա Ռոտրիկէզը՝ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթոյի գխաւորած երանացման արաորղութեան ընթացքին։  

Քոյր Մարիա  ծնած է 1823ին, եղած է «Սիրտ Յիսուսի աղախիններու» միաբանութեան հիմնադրուհին ապա հոգին աւանդած է 1896-ին։

Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ,  անդրառնալով  Քոյր Մարիայի մասին,  յայտնեց թէ ան  իր բոլոր  կեանքին ընթացքին ՝ըլլայ որպէս կրօնաւորուհի ,  ըլլայ որպէս ամուսնացեալ,  սփռած է իր առաքինութիւններու անուշահոտը,  հեզութեան , բարութեան եւ քնքշութեան վերաբերմունքով։  

Քոյր Քաթալինա եղած է   զօրաւոր հաւատքի  տէր,   հաւատքը ապրելով  աղօթքի , Սուրբ Պատարագի  ամենօրեայ մասնակցութեամբ  եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով։   Ան յատուկ ջերմեռանդութիւն ունէր  Տիրամօր հանդէպ  ։

Քոյր Քաթաիլնայի  եղբայրսիրութիւնը  կը յայտնաբերուէր,  մերձաւորին հանդէպ ցուցաբերած  յատուկ սէրով,  եւ ողորմածութեան շօշափելի գործերով։ 

Ան  երբ Յիսուսին  հանդիպեցաւ,  տուաւ Անոր երկու պատասխան, առաջին ՝ դառնալ տիպար հարս,  ապա ՝  որպէս այրի կին՝  իրականացուց  իր երազը,  հիմնեց  «Սիրտ Յիսուսի աղախիններու միաբանութիւնը»՝ ամբողջութեամբ նուիրուելու համար Աստուծոյ։

Քոյր Քաթալինա , իր միաբանութեան հիմնադրուհին  ըլլալով հանդերձ միաբանութեան մէջ , աւանդապահի՝ առաջին պաշտօնը վարած էր եւ ապրած է պատուհանէ զուրկ խցիկի մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.