2017-11-25 09:48:00

Ահաբեկչութիւն Եգիպտոսի մզկիթներէն մէկուն մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սինայի թերակղզիի Ալ-Արիշ քաղաքէն արեւմուտք գտնուող մզկիթի մը մէջ պատահած պայթումի մը հետեւանքով՝ զոհուած է 235 մարդ ու վիրաւորուած են այլ 109 անձինք։ Զոհերու շարքին են  բազմաթիւ փոքրիկներ:

Ահաբեկիչները մզկիթ ներխուժած են Ուրբաթ օրուան աղօթքին ժամանակ, նախ՝ պայթուցիկ սարքով, այնուհետեւ կրակելով մզկիթէն փախչող մարդոց վրայ:

Ի լուր այս վայրագ արարքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղած է որուն մէջ յայտնած է իր «խոր կսկիծը»  մահացած անձերուն համար եւ իր զօրակցութիւնը Եգիպտացի ժողովուրդին, այս ազգային սուգին առիթով, ապա զոհուածները յանձնած է Աստուածային ողորմութեան անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար հայցելով մխիթարութեան ու խաղաղութեան օրհնութիւններ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա վճռակամ դատապարտած է՝ «անմեղ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած  վայրագ արարքը» ու միանալով բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, հայցած է որ «ատելութենէն կարծրացած սրտերը սորվին հրաժարիլ բռնութենէն որ տառապանք կը յառաջացնէ, ու կարողանան դիմել խաղաղութեան ճանապարհին։

Նշենք թէ ահաբեկչական արարքի հետեւանքով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին՝ երկրին ապահովական խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մինչ երկրին մէջ յայտարարուեցաւ եռօրեայ ազգային սուգ։








All the contents on this site are copyrighted ©.