2017-11-24 08:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Վերոնայի Եկեղեցւոյ Ընկերային Ուսուցման 7-րդ փառատօնին։


(Ռատիօ Վատիկան) Տարւոյս 23-26 նոյեմբերին, Վերոնայի մէջ կը կատարուի Եկեղեցւոյ Ընկերային Ուսուցման եօթներորդ փառատօնը։ Հինգշաբթի, 23 նոյեմբերի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տեսերիզային պատգամ մը յղած է փառատօնին մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կʼանդրադառնայ հանդիսութեան բնաբանին՝ «Հաւատարմութիւն եւ փոփոխութիւն», զայն նկատելով տրամաբանական անակնկալ մը, որ ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ հաւատարիմ ըլլալը կը պարունակէ նաեւ փոխուելու կարողութիւնը։ Իբր օրինակ, Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ Հին Կտակարանէն Աբրահամի պատմութիւնը, ուր Աբրահամ կը կատարէ Աստուծոյ հրահանգը եւ կը լքէ իր ծննդավայրը ու կը փոխէ իր կեանքը, արժանանալով Աստուծոյ օրհնութեան։ Աբրահամի կեանքը ամբողջութեամբ կը փոխուի, Աստուած զայն կʼառաջնորդէ դէպի նոր երկիր մը։ Երբ մարդը կը պատասխանէ Աստուծոյ կոչին, այն ժամանակ ընթացք կու տայ պատահարներու, որոնք կ%առաջնորդեն մարդը աներեւակայելի իրականութիւններու մէջ։

Իսկ մարդոց հաւատարիմ ըլլալ, կը նշանակէ դուրս գալ իր անձէն եւ մերձենալ մարդ անհատին, անոր դիմագիծին, անոր՝ փափկութեան եւ ողորմածութեան կարիքին, որպէս զի զայն դուրս բերենք անանուն վիճակէն եւ գոյութեան արուարձաններէն։ Սրբազան Հայրը կը յորդորէ հաւատարմութիւն ցուցաբերել աղքատներուն, հիւանդներուն, գործազուրկներուն, վատնող եւ սպանիչ տնտեսութեան մը զոհերուն եւ փախստականներուն։ Հաւատարմութիւն կը նշանակէ յաղթահարել եսապաշտութեան կենդրոնաձիգ ոյժը, միջոց ազատելով ուրիշներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, թէ Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ եղած հաւատարմութիւնը կը վերածուին աշխոյժ շարժումի մը, որ կը դրսեւորուի մեր անձի եւ իրականութեան փոփոխութեամբ՝ գերազանցելով անշարժութիւնը։

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջոյնի խօսք ուղղած է Վերոնայի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Ցենթիին եւ բոլոր աշխատակիցներուն, զեկուցողներուն եւ կամաւորներուն, մաղթելով որ ձեռնարկը նպաստէ խանդավառելու Եկեղեցւոյ աւետարանումի առաքելութիւնը եւ նեցուկ կանգնի անոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.