2017-11-24 14:53:00

Հայկական վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին։


Նախորդ հաղորդումներուն մէջ լսեցինք Յովհան Մանդակունի Հայրապետին խրատները Սուրբ Պատարագի զոհի եւ Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդի մասին։ Սուրբ Պատարագը էական տեղ ունի կրօնաւորներու կեանքին մէջ։ Յովհան Մանդակունի խիստ խօսքեր կʼուղղէ անոնց, որոնք անարժան կերպով կը մօտենան Սուրբ Խորհուրդին։ Ան կը գրէ՝ «Եւ արդ, ով մարդ, նայէ քեզի եւ տես, թէ որտե՞ղ ես, զո՞վ կը տեսնեն, զո՞վ կը համբուրես, եւ քու ներսդ կʼընդունիս. երկնային զօրութիւններուն հետ ես, հրեշտակներուն հետ կʼօրհնես, սերովբէներու հետ կը բարեբանես, Քրիստոս կը տեսնես, Քրիստոս կը համբուրես, Քրիստոս կʼառնես եւ կը ճաշակես. Սուրբ Հոգիով լեցուած աստուածային շնորհքներով պայծառացած՝ կը զօրանաս հանապազ։ Ուստի եւ դուք, քահանաներ եւ սպասաւորներ՝ սուրբ Խորհուրդի մատակարարներ, ահով մօտեցէք, երկիւղով պահեցէք, սրբութեամբ սպասաւորեցէք եւ զգուշութեամբ մատակարարեցէք. արքուանական գանձ ունիք, մեծ երկիւղով զգուշացէք պահպանել, որովհետեւ դաժան տանջանքներ կը սպասեն ձեզի, եթէ գիտէք մէկուն չարագործութիւնները, եւ ան եկած ըլլայ եւ հանդգնի մօտենալ Քրիստոսի սուրբ մարմնին, իսկ դուն կը վախնաս խրատել, մերժել եւ հանդիմանել զայն։ Այլ եթէ ծուլութեան եւ երեսպաշտութեան պատճառով Քրիստոսի սուրբ մամինը բաշխենք անօրէններուն եւ անարժաններուն, ինչպէս շուներուն եւ խոզերուն կը նետէք, ինչպիսի ներում եւ թողութիւն պիտի ունենաք, որքան պատիժներու եւ սարսափելի տանջանքներու պիտի մատնուիք, որ տէրունական մարմնի մատնիչներ ու յանցապարտներ եղաք։ Ահա Քրիստոսի համար կʼիշխէք, Քրիստոսի համար կը կերակրուիք, իսկ Քրիստոսը անօրէններուն կը մատնէք եւ անօրէններու պիղծ վարքով կը չարչարէք։ Արդ, նայէ քու անձիդ, ով քահանայ, եւ ճանչցիր ինքզինքդ. թէ որն է քահանայութեանդ գործը, եւ ինչ գործ ստացած ես։ Ոչ ժողովուրդիդ սերմնացանն ես, ոչ անոր արտը հնձողը եւ կալսողը, այլ կարգուեցար ուսուցանելու եւ խրատելու, մերժելու եւ հանդիմանելու։ Այդ է քահանայութեան գործը եւ ամենօրեայ պարտականութիւնը։ Որովհետեւ այդպիսի պատիւով պատուուեցաք եւ կʼիշխէք բոլորին այն բանի համար, որ քննէք այնպիսիները եւ հանդիմանելով մերժէք։ Իսկ այն որ չեն գիտեր քահանաները, անոնք առաւել դաժան տանջանքներու պարտապան են, ինչպէս Պօղոս կʼըսէ՝ «Ով որ կʼուտէ եւ կը խմէ անարժանօրէն, պարտական պիտի ըլլայ Տիրոջ մարմնին եւ արեան» (Ա. Կոր ԺԱ. 27)։ Առաքեալը շատերուն կը խմցնէ դատաստանի դատապարտութիւնը, չարաչար ախտերով եւ հիւանդութիւններու դառնութեամբ կը հեռացնէ այս աշխարհէն, ինչպէս որ կʼըսէ. «Տիրոջ արեան անարժանօրէն հաղորդուելու պատճառով ձեր մէջ շատ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան, եւ նաեւ շատ են անոնք, որոնք տարաժամ մեռան» (Ա. Կոր ԺԱ. 29-30)։ Քանզի Խորհուրդին անարժանաբար մօտենալու պատճառով կը լլկուին եւ չարորակ հիւանդութիւններէն նոյն պատճառով ոմանք խեղանդամ եւ անդամալոյծ են բոլոր օրերը, ոմանք նոյն պատճառով հարուածներու եւ անբժշկելի ցաւերու մէջ են, ոմանք նոյն պատճառով բանտերու եւ կապանքներու մէջ կը մտնեն, ոմանք նոյն պատճառով անզաւակ կʼըլլան այս աշխահէն։ Տիրոջ մարմնին եւ արեան անարժանաբար հաղորդուելու պատճառով հիւթերու ցասում, պտուղներու կորուստ, մարդկանց եւ անասուններու տարաժամ մահեր ալ կը պատահին։

Ուստի մօտեցէք մեծ երկիւղով. մեծ զգուշութեամբ քննե՛նք մեր սրտերը, ծուլութեան պատճառով հաղորդութեան համար տօներ չնշանակենք, որովհետեւ ուրբաթ, կիրակի եւ Պենտեկոստէին եւ Զատիկներուն միեւնոյն զոհաբերութիւնը եւ նոյն Խորհուրդը կը կատարուի, եւ դուն հաղորդութեան մօտենալու ժամանակ միայն միտքդ սուրբ պահէ եւ մի՛ ուշացներ հաղորդուիլդ։ Սուրբ ստով բազում անգամ մօտենալը հանդգնութիւն չէ, որովհետեւ առաւել կʼապրեցնես եւ կը նորոգես հոգիդ, իսկ եթէ անարժանութեամբ ու խղճմտանքով կեանքիդ մէջ եթէ մէկ անգամ մօտենաս, կորսնցուցիր հոգիդ։ Տե՛ս, որ Կայենը մէկ մեղք գործեց եւ կորսուեցաւ, մէկ մեղք գործեց Քանանը եւ կորսուեցաւ ... Դուն ալ, եթէ քու ամբողջ կեանքիդ մէջ մէկ անգամ անարժանաբար մօտենաս սուրբ Խորհուրդին, սպանեցիր հոգիդ յաւիտենական տանջանքներու կորստեամբ։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.