2017-11-24 08:31:00

«Երբ աղօթէք, ըսէ՛ք Հայր Մեր» գիրքի նախաբանը ստորագրած է Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Երբ աղօթէք, ըսէ՛ք Հայր Մեր». այս տիտղոսով, հինգշաբթի 23 նոյեմբերին լոյս տեսաւ նոր գիրք մը, որ կը բովանդակէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի երկխօսութիւնը Հայր Մարքօ Փոցցայի հետ։ Գրքին նախաբանը, Ֆրանչիսկոս Պապի գրչէն, արդէն հրատարակուած է l’Osservatore Romano պաշտօնաթերթին մէջ։

Սրբազան Հայրը կը գրէ՝ «առանց զգալու ʼՀայրʼ բառը, չէ կարելի աղօթել։» «Այս օրերուն նորոյթն է, կը նշէ ան, աղօթել ծայրալուսական Աստուծոյ։»

«Դուն սակայն պէտք է աղօթես Հօր» կը յորդորէ Սրբազան Պապը, «Հայր» բառը նկատելով ուժեղ բառ մը։ Պէտք է աղօթես անոր, որ քեզի ծնունդ տուաւ, որ քեզի կեանք տուաւ։ Հայր մը ունինք, որ շատ մօտ է մեզի, որ մեզ իր թեւերուն մէջ կʼառնէ։ Բոլոր անհանգստութիւնները եւ մտահոգութիւնները կրնանք Հօր ձեռքերուն մէջ դնել. Ան գիտէ թէ ի՛նչն է հարկաւոր մեզի։

Ապա կʼաղօթենք՝ «Հայր մեր», եւ ոչ «Հայր իմ». որովհետեւ մեզմէ ոչ մէկը Աստուծոյ միակ զաւակն է։ Բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ենք, հետեւաբար բոլորս եղբայրներ եւ քոյրեր։ Յիսուս այս աղօթքը մեզի չի յանձնեց իբր պարզ բանաձեւ մը. այլ Ան մեզ կը հրաւիրէ դիմել Հօր, որպէսզի կարենանք ապրիլ իբր Անոր իսկական զաւակները եւ իրարու հետ իբր եղբայրներ եւ քոյրեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ յոյս կը յայտնէ, թէ «մեզմէ իւրաքանչիւրը, երբ կʼըսէ ʼՀայր մերʼ, միշտ աւելի ինքզինք նկատէ սիրուած եւ ներում ընդունած, թաթախուած Սուրբ Հոգիի ցօղին մէջ, կարող սիրելու եւ ներելու իւրաքանչիւր եղբօր եւ քրոջ։ Այսպէսով գաղափար մը պիտի կազմենք, թէ ինչ է դրախտը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.