2017-11-23 11:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Գաղափարական գաղութատիրութիւնը կրթական համակարգեր կը պարտադրէ»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ազատութիւնը զրկել, յիշատակը ջնջել ու որոշ վարդապետութիւն պարտադրել երիտասարդներուն, ասոնք գաղափարական ու մշակութային գաղութատիրութեան երեք յատկանիշներ են»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ այս առաւօտ եւս Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ակնարկեց գաղութատիրութեան ժխտական իրադարձութիւններուն, անգամ մը եւս մատնանշելով անցեալ դարու տիրապետութիւններու պարտադիր վարդապետութեան ու գաղափարախօսութիւններուն։ «Ազատութիւնը կը զրկուի, կը խեղաթիւրուին պատմութիւնն ու ժողովուրդի մը յիշատակը ու երիտասարդներուն կը պարտադրուի կրթական համակարգ մը։ Ամէնքը նոյնը կ՛ընեն ու այդ կրթական համակարգը դարձած է փոխզիջումի գործիք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ յաճախ  կը ջնջուին նաեւ տարբերութիւնը, պատմութիւնը ու կը պարտադրուին նոր գաղափարներ, եւ անոնք որոնք չեն համակերպիր այդ գաղափարներուն կը հալածուին։

«Այս մէկը պատահեցաւ նաեւ Եւրոպայի մէջ ուր անոնք որոնք հակառակեցան ցեղասպան բռնատիրութիւններուն հալածանքի ենթարկուեցան, ազատութենէ զրկուեցան ու տանջուեցան» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Մակաբայեցիներու  Գիրքէն,  ուր կը խօսուի Մակաբայեցիներու մօր մասին, որ զաւակները կը խրախուսէ չի վարանելու ու մարտիրոսութեան դիմաց կառչած մնալու հաւատքին, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ հարկաւոր է պահպանել յիշատակը՝ փրկութեան յիշատակը, Աստուծոյ ժողովուրդին յիշատակը, որովհետեւ յիշողութիւնը միակն է որ մեզ կ՛օգնէ յաղթահարելու համար գաղափարական ու մշակութային գաղութատիրութիւնները։ Յիշել։ Յիշել արժէքները, պատմութիւնը…յիշել մօր թելադրանքները, ինչպէս էր պարագան Մակաբայեցիներուն մօր, յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով  բազմաթիւ կիներու դերակատարութեան՝ Աստուծոյ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին։ Անոնք, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, գիտցան իրենց զաւակներուն փոխանցել հաւատքը, իրենց յատուկ բարբառով, ապա հայցեց Տիրոջմէ շնորհքը՝ որպէսզի Եկեղեցին միշտ պահպանէ յիշողութիւնը եւ ունենայ արի ու քաջ կիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.