2017-11-23 08:33:00

Լոյս տեսաւ Կարպիս Տէրեղիայեանի անգլերէնով «Ձայներ Լռութեան մէջ» հատորը։


Ուխտագնացութիւն Դէպի Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա եւ Կապադովկիա 

Այս օրերուն Կլենտէյլի «Երեւան» տպարանէն լոյս տեսաւ Մաշտոց քոլէճի նախագահ՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի անգլերէնով գրուած «Ձայներ Լռութեան մէջ» (Voices In Silence) հարուստ բովանդակութեամբ եւ տպագրական բարձր թեքնիքով պատրաստուած՝ եզակի հատորը:

Դոկտ. Տէր Եղիայեան անծանօթ մէկը չէ Հայրենիքի, Սփիւռքի եւ մանաւանդ ԱՄՆ-ի հայութեան համար: Ան 40 տարիներու կրթական մշակի վաստակ ունի, ինչպէս նաեւ դոկտորական երկու կոչում՝ Լա Վըրն եւ Northwestern համալսարաններէն: Պարգեւատրուած է 5 Պատուոյ դոկտորայի եւ 7 Պատուոյ փրոֆէսորի կոչումներով: Հեղինակ է 15 հատորներու եւ արժանացած  250-է աւելի շքանշաններու, գնահատագրերու եւ կոչումներու:

1987-էն սկսեալ Մաշտոց Գոլէճի նախագահ՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան ամէն տարի ուխտագնացութիւններ կազմակերպած է դէպի Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Կապադովկիոյ քաղաքներն ու շրջանները:

Երեսուն տարուան ընթացքին, դոկտ. Տէր Եղիայեան Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ 80-է աւելի քաղաքներ եւ գիւղեր այցելած է տարբեր խումբերու հետ: Բոլոր ուխտաւորները մեծապէս տպաւորուած եւ գոհ՝ անմոռանալի ապրումներ եւ յուշեր ունեցած են այդ այցելութիւններէն: Կ՛ըսեն՝ մէկ նկարը հարիւր բառէ աւելի իմաստ ունի:

350 էջնոց այս ալպոմ-հատորը կը բովանդակէ 1000-է աւելի նկարներ, 80 քաղաքներու մասին պատմական եւ ճամբորդական նոթեր, եւ այս բոլորը տրուած են անգլերէն լեզուով, որպէսզի նոր սերունդին հասկնալի ըլլան եւ կարենան պատկերացնել հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը, մեր նիւթական եւ մշակութային չորս հազարամեայ հարստութեան հատուցման տարողութիւնը:

Արդարեւ, այս հատորը անկողոպտելի գանձ մըն է, որ կ’արժէ իւրաքանչիւր ընտանիք իր տունէն ներս ունենայ: Համայնագիտարան մըն է, որ թէ տեղեկութիւններու եւ թէ արհեստավարժ հոյակապ նկարներու: Մեր աչքին առաջ կը տողանցեն մեր պատմութիւնը, մշակութային եւ հայութեան հազարամեակներու հարստութիւնը:

Իւրաքանչիւր հայ այս ալպոմ-հատորին մէջ իր անցեալը կը տեսնէ, իր պապերուն եւ ծնողներուն ապրած քաղաքները, թաղամասերը, որոնք դժբախտաբար հիմնովին քանդուած են, կամ ալ հազիւ պատառիկ մը մնացած է այդ եկեղեցիներէն կամ հայու բնակարաններէն:

Այս հատորը Հայ Դատի հետապնդման համար ամենէն վառ եւ ցցուն վաւերագիրներէն մին կրնայ հանդիսանալ, եթէ կարենանք ճիշդ ձեւով ներկայացնել օտար բարեկամներու: Բազմաթիւ եկեղեցիներու, հայկական արուեստի կոթողներու կիսաքանդ կամ կիսափուլ վիճակի մէջ գտնուող այս շէնքերը, աղաղակող մեծագոյն վկաներն են մեր ժողովուրդին վրայ կատարուած անճիտման եւ կողոպուտի ոճիրին: Այս նկարները ամենէն լաւ օրինակներն են: Ո՞ւր են այս եկեղեցիներուն մէջ աղօթողները, այս քարուքանդ կառոյցներու իսկական բնակիչները, պիտի հարցնեն տեսնողները: Ըսուած է. «Ամբողջ մարդկութիւնը կրնաս շրջան մը խաբել, կամ մարդկութեան մէկ մասը կրնաս միշտ խաբել, բայց չես կրնար ողջ մարդկութիւնը միշտ եւ յաւիտեան խաբել»:

Մեր կոչն ու փափաքն է, որ իւրաքանչիւր հայ որ ազգային կեանքով կը հետաքրքրուի ու կը տագնապի, այս հատորէն քանի մը օրինակ սպառելու, ունենալու, նուիրելու աշխատանք տանի: Այս հատորը ամենէն գեղեցիկ եւ արհեստավարժ գործն է, որ ոեւէ հայ հպարտութեամբ կրնայ ոեւէ անձի տալ, վստահ ըլլալով, որ այդ անձը մեծապէս պիտի գնահատէ հայ ժողովուրդը եւ հասկնայ մեր ահաւոր կորուստին տարողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.