2017-11-22 09:22:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը


Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 նոյեմբերին ընդունած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Հանդիպումին սկիզբը Հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին, Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին համաձայնագիրի 20-ամեակի տարին արգասաբեր էր երկկողմանի  յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:

«Այսօր այդ յարաբերութիւնները կը բնութագրուին իբրեւ իրապէս դաշնակցային: Ես լիովին կը կիսեմ այդ կարծիքը, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներուն վրայ կ՛առանձնանան քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակով, արտաքին քաղաքականութեան լայն համակարգումով, միջազգային հարթակներու վրայ արգասաբեր համագործակցութեամբ, տնտեսական, զինուորական, ռազմաճարտարագիտական, մարդասիրական բնագաւառներու մէջ շատ լաւ փոխադարձ գործակցութեամբ», ըսած է նախագահ Սարգսեան` այդ բոլորին մէջ կարեւոր նկատելով աշխուժ փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց ծիրին մէջ` միայն վերջին քանի մը ամիսներուն Հայաստան այցելած են Ռուսիոյ վարչապետը, արդիւնաբերութեան, կրթութեան, առողջապահութեան նախարարները, այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է նաեւ միացեալ ջանքերով իրականացուած բազմաթիւ քայլերը` Հայ-ռուսական միջշրջանային համաժողովը, Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային համաժողովը, Հայ-ռուսական երիտասարդական համաժողովը, ամսուան սկիզբը իրականացուած միջխորհրդարանական յանձնախումբի յոբելենական 30-րդ նիստը:

Նշելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն կը զարգանան, նախագահը ընդգծած է, որ այսուհետեւ նոյնպէս պէտք է շարունակել աշխատանքը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման, հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Նախարար Լաւրով շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջերմ ողջոյնները: Փութինի հետ Հայաստանի նախագահը վերջերս պաշտօնապէս բացումը կատարեց «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր»-ուն` Մարտիրոս Սարեանի ցուցահանդէսով:

Նախարարը, հանդիպումին ընթացքին, ներկայացուցած է Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպումին եւ քննարկումներուն արդիւնքները:

«Ձեզի հետ միասին այսօր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրին 20-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման մասնակցելէն բացի, մենք` Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, շատ մանրամասն բանակցութիւններ վարած ենք, ելոյթ ունեցած ենք զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն առջեւ, դիտարկած ենք մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ռազմավարական գործընկերութեան բոլոր բնագաւառները, որոնց մասին դուք բաւական հանգամանալից նշեցիք: Պիտի չկրկնեմ, քանի որ իրականութեան մէջ, չկայ մարդկային գործունէութեան որեւէ մարզ, որուն մէջ Ռուսիան եւ Հայաստանը չունենան գործնական փոխադարձ գործակցութեան ո՛չ թէ ձեւական, այլ իրական կառուցակազմ: Մեզի համար մեծ պատիւ է, որ դուք բարձր կը գնահատէք արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ մեր համագործակցութիւնը: Պիտի աշխատինք արդարացնել ձեր եւ Ռուսիոյ նախագահին վստահութիւնը», հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:








All the contents on this site are copyrighted ©.