2017-11-22 08:16:00

Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադարձաւ Պէյրութ։


Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի, Նոյեմբեր 21-ի ուշ գիշերին վերադարձաւ Պէյրութ, ուր բարեկամներու խուռներամ բազմութիւն մը զինք դիմաւորեց` ապահովական խիստ միջոցառումներու հսկողութեան տակ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերըը։

17 օրուան բացակայութենէ ետք վարչապետ Հարիրի Փարիզէն իր վերադարձի ճամբուն վրայ կարճատեւ այցելութիւն տուաւ յաջորդաբար Եգիպտոսի եւ Կիպրոսի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած էին Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները` Հարիրիի Ռիատէն կարդացած հրաժարականի հետեւանքներուն լոյսին տակ:

Պէյրութի օդակայան հասնելէ ետք Հարիրիի առաջին կայանը եղաւ իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը, որմէ ետք ան այցելեց նաեւ կեդրոնական Պէյրութի մէջ հանգչող այլ նահատակ անձնաւորութիւններու շիրիմները, նախքան իր մեկնումը  կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանը:

Նշենք, որ անկախութեան ոգեկոչման առիթով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ծաղկեպսակ զետեղեց նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի շիրիմին:








All the contents on this site are copyrighted ©.