2017-11-21 10:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Պանկլատէշի առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 26 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր Մայանմար եւ Պանկլատէշ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին Ֆրանչիսկոս Պապ Պանկլատէշի ժողովուրդին յղած է լսատեսողական պատգամ մը որուն մէջ ըսած է.

«Սիրելի բարեկամներ, մինչ կը պատրաստուիմ  մի քանի օրէն այցելելու Պանկլատէշը, կը փափաքիմ  համայն  ժողովուրդին ուղարկել բարեկամութեան ողջոյնի խօսք մը։ Անհամբեր կը սպասեմ այն պահուն երբ միասին պիտի ըլլանք։ Կու գամ որպէս Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանի պատգամաւոր, հռչակելու Անոր հաշտութեան ներումի ու խաղաղութեան պատգամը։ Իմ այցելութեանս նպատակն է Պանկլատէշի կաթողիկէ հասարակութիւնը վերահաստատել իր հաւատքին մէջ ու Աւետարանի վկայութեան մէջ, որ ամէն մէկ մարդու ու կնոջ կը սորվեցնէ արժանապատուութիւնը ու մեզ կը կոչէ բանալու մեր սրտերը ուրիշներուն, յատկապէս աղքատներուն ու կարիքաւորներուն։

Սրբազան Հայրը ապա փափաք յայտնած է հանդիպիլ յատկապէս ՌԱՄՆԱ կրօնապետերուն, հաստատելով թէ կ՛ապրինք ժամանակաշրջան մը ուր հաւատացեալներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը կանչուած են ամենուրէք խթանելու փոխադարձ հասկացողութիւնն ու յարգանքը ու մէկը միւսին թիկունք կանգնելու, որպէս մարդկային միակ ընտանիքի անդամներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտին մատնանշեց անոնց որոնց կ՛աշխատին իր ճամբորդութիւնը պատրաստելու համար,շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին հուսկ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար, «որպէսզի, ըսաւ Ան, ձեր հետ անցնելիք օրերը դառնան յոյսի ու քաջալերանքի աղբիւր բոլորին»։

Ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն վրայ կը հայցեմ ուրախութեան ու խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւններ։ Ցտեսութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.