2017-11-21 09:44:00

Իրաքի գերագոյն դատարանը Քրտական ինքնավար մարզի անկախութիւնը նկատեց հակասահմանադրական


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի դաշնակցային դատարանը 25 սեպտեմբերին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէն նկատած է հակասահմանադրական եւ չեղեալ յայտարարած է զայն:

Դաշնակցային դատարանի բանբեր Այաս Սամուք յայտարարած է, թէ հանրաքուէին հիմամբ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի իշխանութիւններուն կողմէ կայացած բոլոր որոշումները նոյնպէս հակասահմանադրական են եւ պէտք է կասեցուին:

Նախապէս դաշնակցային դատարանը որդեգրած էր որոշում մը, որով յայտարարած էր, թէ իրաքեան ոչ մէկ շրջան կրնայ անջատուիլ երկրէն:

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին կառավարութիւնը յայտարարած էր, թէ պիտի յարգէ դատարանին որոշումը:

Յիշեցնենք, որ Քրտական մարզին մէջ 25 սեպտեմբերին անկախութեան հարցին շուրջ տեղի ունեցած էր հանրաքուէ, որուն մասնակիցներուն 92,7 առ հարիւրը (2,86 միլիոն մարդ) «Այո» քուէարկած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.