2017-11-21 13:54:00

«Գաղափարական գաղութատիրութիւնը հալածանքի ձեւ մըն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Մշակութային ու գաղափարապաշտ գաղութատիրութիւնները չեն հանդուրժեր տարբերութիւնները, ամէն ինչ  հաւասար նկատելով ու ի վերջոյ կը հալածեն նաեւ հաւատացեալները»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 21 նոյեմբերի առաւօտեան , Տոմուս Սնթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ,  մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած  Մակաբայեցինեըու  Բ  Գիրքէն,  ուր կը խօսուի  Եղիազարի մարտիրոսութեան   մասին   ( Մակաբայեցիների Բ գիրք,  6, 18-31)

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ կան  երեք տեսակ գլխաւոր հալածանքներ,  կրօնային , քաղաքային եւ զուտ մշակութային հալածանք.  մշակութային հալածանքը  կ՝ուզէ  ամէն ինչ նոր կատարել, կը  մաքրագործէ այլ մշակոյթները, անոնց պատմութիւնը ու  նաեւ  ժողովուդրի մը կրօնքը։ Այս վերջին կրօնային հալածանքին է որ ենթարկուած էր եղիազարը, որ մահուան դատապարտուեցաւ Աստուծոյ հանպէպ հաւատարիմ գտնուելուն համար – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ գաղարապաշտ գաղութատիրութենէ յառաջացած  հալածանքը , յառաջ կ՝ընթանայ ամէն ինչ  կործանելով եւ ամէն ինչ հաւասար ընելով,  որ կարող չէ տարբերութիւնները հանդուրժել։  Այս  մշակոյթներու գաղութատիրութեան ուղեւորութիւնը  վերջ կը գտնէ  նաեւ հաւատացեալները հալածելով  ըսաւ Նորին Սրբութիւն  օրինակ բերելով անցեալ դարու մէջ գործադրուած ցեղասպանութիւնները,  դիտել տալով թէ  մշակութային գաղութատրիութեան մէջ , տեղ չկար տարբերներուն, ուրիշներուն. ինչպէս նաեւ տեղ չկար Աստուծոյ։

Ակնարկելով ապա  Եղիազարին,  սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Ան մեռաւ մտածելով երիտասարդներուն, անոնց  թողելու համար  ազնուական օրինակ մը։ Եղիազարը իր կեանքը  զոհեց Աստուծոյ  եւ օրէնքին սիրոյն համար,  եւ ապագային համար դարձաւ արմատ։ 

Գաղափարապաշտ եւ մշակութային գաղութատիրութեան ՝բոլորը հաւասարեցնելու եւ տարբերութիւնները վերացնելու վերաբերմունքը, Աստուծոյ դէմ հայհոյանք կը նկատուի ու ծանր մեղք է  ըսաւ   Ֆրանիչսկոս Պապ  ակնարկելով այդ իրողութիւնը  հակասելու լուծումներուն,  ու անոնց միջեւ մարտիրոսութեան վկայութիւնը,  օրինակ բերելով  Եղիազարը  ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը մաղթելով որ Եղիազարին  օրինակը,  մեզի օգտակար դառնայ , շփոթութեան պահերուն, մեզի առաջարկուած   մշակութային, հոգեւոր գաղութատիրութիւններուն դիմաց։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.