2017-11-20 12:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Ճառը Իտալիոյ ճանապարհային եւ երկաթուղային ոստիկանութեան ղեկավարներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 20 նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ ճանապարհային եւ երկաթուղային ոստիկանութեան կենդրոնական տնօրէնութեան ղեկավարներուն եւ անձնակազմին։

Անոնց ուղղած խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը նշեց, թէ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է երախտապարտ ըլլայ անոնց կատարած աշխատանքին, որ կʼերաշխաւորէ ճանապարհի եւ երկաթուղիներու վրայ գտնուողներու ապահովութիւնը։ Ան յիշեց ոստիկաններու աշխատանքի բազմապիսի նկարագիրը, միշտ աւելի արագացող երթեւեկութեան հետ կապուած խնդիրներու լուծման մէջ, որոնց կարգին ինքնաշարժներու վարորդներու անպատասխանատու արարքները, որոնք կը վտանգեն ապահովութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատեց, թէ խնդիրներու բարձումին համար ոչ միայն պատիժն է հարկաւոր, այլ նաեւ դաստիարակութիւնը եւ քաղաքացիական զգայնութեան եւ պատասխանատու կեցուածքի արթնացումի աշխատանքը։ Այս աշխատանքը պէտք է արդիւնաւոր ըլլայ, սնած փորձառութիւններէն, որոնք ոստիկանները կը քաղեն անհատներու եւ խնդիրներու հետ ունեցած իրենց առօրեայ շփումէն։
Նկատի առնելով երկրի տարածքին գործող երկաթուղային գիծերու ցանցը, Սրբազան Հայրը անհրաժեշտ նկատեց որ այնտեղ կատարուին հարկաւոր ներդրումներ եւ սպասարկումներ։ Այստեղ ալ, ինչպէս ճանապարհներու պարագային, ոստիկաններէն կը պահանջուի յաւելեալ մասնագիտացում, ինչպէս նաեւ արդար կեցուածք անհատներու հանդէպ։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ խրատեց, որ ոստիկանները խնդիրներու լուծման ընթացքին մէջ զգուշանան, որ օրէնքի պարտադրումը կամ որեւէ խնդրի պարագային ուժի միջամտումը չայլասերի՝ վերածուելով բռնութեան։ Ասոր համար հարկաւոր է իմաստութիւն եւ ինքնազսպում, մանաւանդ երբ  ոստիկանը կը դիտուի անվստահութեամբ եւ կամ կը նկատուի թշնամի՝ փոխանակ նկատուելու հասարակաց բարիքին պահապան։
Սրբազան Պապը ապա կոչ ուղղեց, որ ոստիկանները որդեգրեն ողորմածութեան կեցուածք մը, ինչպէս ան 2015 թուականի յոբելինական տարւոյն յորդորած էր Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը։ Ողորմածութիւնը տկարութիւն չէ, ըսաւ ան, ոչ ալ կը պահանջէ հրաժարիլ ոյժի գործածութենէն, այլ կը նշանակէ ըլլալ ատակ յանցաւորը չնոյնացնելու գործուած յանցանքին հետ եւ ապա անոր վնաս հասցնել եւ թշնամական զգացում ստեղծել։ Ողորմածութիւն կը նշանակէ ջանք թափել, հասկնալու մարդոց կարիքները եւ շարժառիթները։
Եզրափակելով խօսքը, Սրբազան Հայրը յիշեց ոստիկաններու յատուկ պահապան Միքայէլ Հրեշտակապետը, որ, ինչպէս յիշուած է Յայտնութեան գրքին մէջ, կը պայքարի սատանային դէմ (Յայտ ԺԲ. 1-6)։ Ֆրանչիսկոս Պապ  նկատեց, թէ աստուածաշնչական այս պատկերը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ բարիի եւ չարի միջեւ ընթացող յարատեւ պայքարը։ Գիտակցելով այս մարտահրաւէրին, յիմարութիւն պիտի ըլլար համաձայնիլ չարին եւ կամ մնալ չէզոք, շեշտեց Սրբազան Հայրը, աւելցնելով՝ «ընդհակառակը՝ իւրաքանչիւրէն կը պահանջուի որ պատասխանատութիւն ստանձնէ՝ ի գործ դնելով բոլոր ոյժերը, որոնցմով պիտի դիմակայէ եսասիրութեան, անարդարութեան եւ անտարբերութեան։»
Խօսքի աւարտին, Սրբազան Պապը գնահատանքի խօսք ուղղեց ոստիկաններուն եւ անոնց եւ անոնց ընտանիքներուն համար հայցեց Աստուծոյ հայրական օրհնութիւնը եւ պաշտպանութիւնը։
 








All the contents on this site are copyrighted ©.