2017-11-20 10:24:00

Հունգարիայի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 20 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Հունգարիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները անոնց՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով։

Հունգարիոյ Հանրապետութիւնը ունի 93.030 քմ քառակուսի տարածք եւ 9 միլիոն 850 հազարէ աւելի բնակչութիւն որոնց մեծամասնութիւնը՝ 61 առ հարիւրը, կաթողիկէ են ապա կան բողոքական եւ լուտերական եկեղեցիներու պատկան հաւատացեալներ՝ մօտաւորապէս 25 առ հարիւրը, հուսկ օրթոտոքսներ՝ 0.2 առ հարիւր եւ հրեաներ 0.1 առ հարիւր։

Հունգարիոյ կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է չորս աւագ թեմերէ ու տասը այլ թեմերէ։  Հուգարիոյ առաջին թագաւորը ու երկրին աւետարանող առաքեալը եղած է՝ Արփատի տոհմէն  Սուրբ Ստեփանոսը (969 – 1038) որ կազմակերպած է ոչ միայն երկրին քաղաքական կեանքը 39 մարզերը միացնելով մէկ թագաւորութեան տակ, այելեւ ազգին կրօնական կեանքը՝ որպէս հիմք ընտրելով քրիստոնէութեան մշակոթը։ Ան հունգարիոյ թագաւոր կը դառնայ 25 Դեկտեմբեր 1000 թուականին։ Սուրբ Ստեփանոս ապա սուրբ կը հռակչուի 1083 թւականին։

Սովետական միութեան փլուզումէն ետք 9 փետրուար 1990-ին կը վերականգնուին Հունգարիա – Սուրբ Աթոռ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ու 10 յուլիս 1991-ին հունգարիոյ  խորհրդարանը կը վաւերացնէ օրէնք մը՝ որուն հիման վրայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կը վերադարձուին համայնավարութեան շրջանին գրաւուած   բոլոր կալուածները եւ նոյն տարուայ 16-20 օգոստոս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաջին անգամուան համար կ՛այցելէ երկիրը մինչ երկրորդ ճամբորդութիւնը կը կատարէ  1996-ի 6-7 սեպտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.