2017-11-20 10:14:00

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի պսակեալ զոյգերու ուղղած պատգամը


Կիրակի 19 նոյեմբերին, Պուրճ Համմուտի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ պսակեալ զոյգերու համար Սուրբ Պատարագ, հովանաւորութեամբ Պէյրութի թեմի հայ կաթողիկէներուն օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ  Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանին։  

Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը պսակեալ զոյգերու ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ ըսաւ.

Երբ կը խօսինք ընտանեկան առաքինի կեանքի մասին ի միտ ունինք այն ապրելաձեւը , որով մարդ կարող է զԱստուած ճանչնալ եւ զինք սիրել ու աւելի վայելել, որովհետեւ զԱստուած ճանչնալով եւ սիրելով՝ մարդը ինքնաբերաբար կը սկսի առաքինի գործեր կատարել:

Այսօր դժբախտաբար , ականատես ենք բարոյազրկութեան, այլասերութեան եւ հոգեւոր կեանքի նահանջման: Մարդ արարած կը մտածէ որ յանուն ազատութեան վրայ ամէն ինչ կատարել, ինչ որ կը ցանկայ կրնայ իրականացնել . ամօթի զգացումը գրեթէ գոյութիւն չունի : Յաճախ մարդուն մտքէն վրիպի այն գաղափարը թէ ազատ ըլլալ չի նշանակեր մէկու իրաւունքները ոտնակոխ ընել : Եկեղեցին լուրջ դեր ունի այս խնդիրներուն  մէջ: Ան պարտի մարդու հոգիին մէջ դրոշմել քրիստոնէական այն գաղափարները եւ սկզբունքները, որոնք, դժբախտաբար , մեր այս աշխարհը կ'անտեսէ :

Երբ կը խօսինք ընտանեկան առաքինի կեանքի մասին մեր միտքը ունինք այն առաքինութիւնները որոնք դաստիարակութեամբ ձեռք կը ձգենք, ինչպէս նաեւ այն առաքինութիւնները որոնք մեզի որպէս շնորհք կը տրուին Աստուծմէ : Ինչպէս առաքինութիւնը , խոհեմութիւնը, արդարութիւնը, զօրութիւնը , ժուժկալութիւնը, հաւատքը , յոյսը եւ սէրը :

« Ընտանիքը սրբութեան դպրոց մըն է , հոն՝ զաւակները կը գտնեն բարի օրինակը որուն կը հետեւին կեանքին բոլոր օրերուն : Աղօթքը եւ ընտանիքին սրբութիւնը կարեւոր են որպէսզի իւրաքանչիւրը կարենայ հասնիլ իր վերջին նպատակին՝ երկինք » ( Յովհաննէս-Պօղոս Բ. ) :

Համայն աշխարհը ծունկի կու գայ ընտանիք բառին առջեւ: Ոմանց համար պետութեան պատիւն է , իսկ ուրիշներուն՝ մեծագոյն խնդիրն է հասարակութեան:

« Առանց կնոջ ներդաշնակութիւն չկայ աշխարհին մէջ » այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այսօրուայ քարոզին առանցքը զոր արտասանեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ՝ քաղուած Ծննդոց գիրքէն:

Մարդն ու կինը իրարու հաւասար են սակայն կինն է որ աշխարհ բերաւ ներդաշնակութիւնը զոր աշխարհը դարձուց գեղեցիկ երբ կնոջ պակասը կայ ներդաշնակութիւնը կը պակսի :

Կը կեդրոնանանք մարդու ու կնոջ ճակատագրի վրայ ՝ որ է ըլլալ մէկ մարմին, այս առընչութեամբ պատմելով դրուագ մը , որուն մէջ նշեց թէ ինք հանդիպած էր զոյգի մը որ կը տօնախմբէր ամուսնութեան 60 ամեակը ու անոնց հարց տուած էր՝ թէ երկուքի միջեւ ո՞վ աւելիով համբերութիւն ունեցած էր այս տարիներու ընթացքին: Այրն ու կինը իրարու նայած եւ ապա միասնաբար ըսած՝ սիրահարուած ենք : Ահա ինչ ըսել է մէկ մարմին թէ Աստուծոյ մեծ պարգեւը եղաւ մեզի շնորհել կինը. կինը որ է ներդաշնակութիւն, բանաստեղծութիւն , գեղեցկութիւն: Առանց անոր աշխարհը այդքան ալ գեղեցիկ  չէր ըլլար, ներդաշնակ չէր ըլլար: Աստուած կինը ստեղծեց որպէսզի մեզմէ ամէն մին մայր մը ունենայ :

Չկայ քրիստոնէական կեանք առանց փորձութիւններու : Ասոր համար քրիստոնէական կեանքը պայքար մըն է . պայքար՝ յաղթանակելու համար, խորտակելու համար սատանայի իշխանութիւնը, չարի իշխանութիւնը : Ասոր համար է, որ Յիսուս եկաւ ՝ խորտակելու սատանան, խորտակելու անոր՝ մեր սրտերուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնն ու ներգործութիւնը : Աստուած կը քաշէ  մարդը ՝ դէպի Յիսուս , մինչ չար ոգին կը փորձէ կործանել զանոնք :

Թող սէրը ամրացնէ մեր մէջ ամուսնութեան խորհուրդի շնորհքը, աւելի զօրաւոր դարձնէ կեանքի բոլոր տկարութիւններուն ու դժուարութիւններուն դիմաց որոնք մեր ընտանիքին կը հանդիպին:

Ո՞վ Աստուած, կը խնդրենք որ երկրի վրայ համայն պետութիւններու մէջ, Եկեղեցին կարենայ իր առաքելութիւնը պտղաբեր դարձնել ընտանիքի միջոցաւ... Դուն որ կեանք, ճշմարտութիւն եւ սէր ես ... :            








All the contents on this site are copyrighted ©.