2017-11-18 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը՝ «Հաւատացեալներուն աղօթքներուն կը վստահիմ առաքելութիւնս»։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 18 նոյեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ Ան՝ իր Սուրբ Պետրոսի յաջորդին առաքելութիւնը կը վստահի հաւատացեալներու աղօթքներուն, առանց որոնց կարող չէ յառաջ տանիլ այդ առաքելութիւնը։

«Առանց հաւատացեալներու աղօթքներու աջակցութեան, Սուրբ Պետրոսին յաջորդը կարող չէ կատարել իր առաքելութիւնը։ Ձեր վրայ կը վստահիմ» գրեց Սրբազան Քահանայապետը 18 նոյեմբերին հրապարակած թուիթին մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.