2017-11-17 08:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Աղքատներուն տրամադրուած բժշկական տաղաւարը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 16 նոյեմբեր 2017-ի յետմիջօրէի 3.45-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն տուաւ, աղքատներու միջազգային օրուան առթիւ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային դիմաց գտնուող Պիոս ԺԲ հրապարակին վրայ տեղադրուած՝ «բժշկական տաղաւարին»։  Տաղաւարը մաս կը կազմէ այն ձեռնարկներուն որոնք կազմակերպուած են Նոր Աւետարանութեան զարգացումի քահանայապետական խորհուրդի կողմէ՝ Աղքատներու համաշխարհային օրուան առթիւ որ պիտի նշուի կիրակի 19 նոյեմբեր 2017-ին։

Այդ փոքրիկ դաշտային հիւանդանոցին մէջ  մէկ շաբթուայ տեւողութեամբ աղքատներուն պիտի տրամադրուին ձրի դեղորայք եւ բժշկական սպասարկութիւն։

Տաղաւար ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ շարք բռնած մի քանի աղքատներէն ու կամաւորներէն։ Սրբազան Քահանայապետը աղքատներուն հետ զրուցելէ ետք Իտալական Կարմիր Խաչի կամաւորներուն հետ միասին այցելեց տաղաւարը զրուցելով այնտեղ սպասարկող բժիշկներուն հետ ու շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մատուցած ծառայութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ողջունեց միւս կամաւորները ու 16.15-ին հրաժեշտ առնելով վերադարձաւ իր նստավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.