2017-11-17 11:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «խոկալ մահուան մասին մեզ կը հանգստացնէ. մահը Տիրոջ հետ հանդիպում է»։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 17 նոյեմբերին՝ առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ  ներշնչուելով օրուան Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած հատուածէն,  ուր կը խօսուի Մարդու Որդիի երկրորդ գալստեան մասին, հրաւիրեց մտածել աշխարհի եւ մեր կեանքի աւարտի մասին ։ (Ղուկ 17, 26-37)

«Եկեղեցին, որ Մայր է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը «կը փափաքի որ մեզմէ իւրաքանչիւրս մտածէ իր մահուան մասին։ Բոլորս վարժ ենք բնականոն կեանք ունենալու, բոլորս ունինք օրակարգ մը, աշխատանք մը ինչպէս նաեւ հանգստեան ժամեր եւ կը մտածենք, որ միշտ այսպէս պիտի ըլլայ»   ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, աւեցնելով «սակայն օր մը Յիսուս մեզ պիտի կանչէ ըսելով քովս եկուր»։    

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ« ոմանց համար Յիսուսի կոչը  անանկակալ պիտի ըլլայ, ուրիշներուն համար՝  հիւանդութեան երկար ժամանակէ ետք,  չենք գիտեր, բայց ընդգծեց Ան  Յիսուսի կոչը  տեղի պիտի ունենայ, եւ անիկա անկննկալ պիտի ըլլայ, որմէ ետք Տէրը  ուրիշ անակնկալ մը պիտի վերապահէ մեզի՝ Յաւիտենական կեանքը։      

Ասոր համար, այսօր՝ եկեղեցին, Տէրը, իւրաքանչիւրս կը հրաւիրէ ըսելով «կանգ առ , որովհետեւ  միւս բոլորը օրերը այդպէս պիտի չ՝ըլլան։  Օր մը պիտի գայ որ դուն եւս պիտի մեկնիս»,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով,  որ մահուան մասին մտածելը քէշ երեւակայութիւն չէ, այլ ճշմարտութիւն մըն է, անիկա  կախեալ է մեզմէ , թէ ինչպէս կը մտածենք անոր մասին, ընդծելով մահուան գեղեցկութիւնը, որ է  Տիրոջ հետ  հանդիպումի ժամանակը։ 

Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզը եզրափակեց նշելով, թէ երբ Տէր մեզի պիտի կանչէ, ժամանակ պիտի չ՝ունենանք մեր գործերը դասաւորելու, ապա  յորդորեց որ ամէն բան կատարենք, մեր աչքերը սեւեռելով այն օրուան երբ՝ Տէրը պիտի գայ մեզ առնելու Իր հետ տանելու համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.