2017-11-16 10:22:00

Պենետիկտոս ԺԶ-ի պատգամը Սուրբ Պոնավենթուրայի նուիրուած գիտաժողովի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի Կրեկորիանա Քահանայապետական Համալսարանը, նոյեմբեր 15-17 կազմակերպած է գիտաժողով մը, նուիրուած Սուրբ Պոնավենթուրայի ծննդեան ութերորդ դարադարձին։ Գիտաժողովի նիւթն է «Աստուած՝ ճանաչելիներու գերագոյնը. Պոնավենթուրայի աստուածաբանութեան այժմէականութիւնը»։

Համագումարի ընթացքին պիտի զեկուցեն 48 մասնագէտներ, ժամանած աշխարհի զանազան կողմերէն։ 15-16 նոյեմբերի նիստերը պիտի գումարուին Կրեկորիանա համալսարանին մէջ, իսկ նոյեմբեր 17ի նիստերը՝ Սերաֆիքում եւ Անթոնիանում համալսրաններուն մէջ։

Սուրբ Պոնավենթուրան, Եոզեֆ Ռացինկերի՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի մտածողութեան առաջնահերթ աղբիւրներէն մին է։ Վաստակաւոր քահանայապետին նուիրուած է նաեւ գիտաժողովի նիստերէն մին, ուր պիտի ներկայացուի անոր երկերու ժողովածոյին Բ. հատորը, որուն տիտղոսն է՝ «Յայտնութեան եւ պատմութեան աստուածաբանութեան հասկացողութիւնը Պոնավենթուրայի մօտ»։

Գիտաժողովի աշխատանքներու բացման, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Եոզեֆ Ռացինկեր-Պենետիկտոս ԺԶ. Վատիկանեան Հիմնարկի տնօրէնը, կարդացած է Պենետիկտոս ԺԶ. Վաստակաւոր Քահանայապետի պատգամը, ուղղուած գիտաժողովը կազմակերպող, Կրեկորիանա համալսարանի դասախօս՝ Հայր Ամորի Պեկաս տը Տաէմի։

Իր պատգամին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ. շնորհակալութիւն կը յայտնէ գիտաժողովի կազմակերպութեան համար, եւ կը յիշէ, թէ ի՛նչպէս վերջին տասնամեակներուն աճած եւ խորացած է ԺԳ. դարու ճանաչումը։ Պոնավենթուրան, որուն նկատմամբ գիտութիւնը նոյնպէս աւելի խոր ճանաչում իւրացուցած է, նկատուած էր իր ժամանակի արիստոտելականութեան յարող անձ։ Սակայն այսօր աճած է գիտակցութիւնը՝ անոր խորքին եւ հարստութեան նկատմամբ։

Վաստակաւոր Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ գիտութեան քանի մը նուաճումներուն, որոնք նպաստած են փոխելու ԺԳ. դարու նկատմամբ եղած պատկերացումը։ Կը նկատէ թէ, Պոնավենթուրայի մտածողութիւնը կը ներկայացնէ մարդու ամբողջովին տարբեր մտապատկեր մը՝ քան Սուրբ Օգոստինոսինը։

Սրբազան Հայրը կը գնահատէ գիտաժողովի ծրագիրը, կը յայտնէ իր երախտագիտութիւնը եւ կ՛ուղարկէ լաւագոյն մաղթանքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.