2017-11-16 08:55:00

Ուրուկուէյի եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) 14 – 21 Նոյեմբեր 2017-ին Ուրուկուէյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները կը գտնուին Հռոմ ուր ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Անոնք արդարեւ հինգշաբթի 16 նոյեմբերի առաւօտեան, առաքելական պալատին մէջ, հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Յայտնենք թէ Ուրուկուէյի հանրապետութիւնը սահմանակից է Պրազիլի եւ Արժանթինի եւ ունի 176.215քմ քառակուսի տարածք եւ 3 միլիոն 450 հազարէ աւելի բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը՝ 76.9 առ հարիւրը կաթողիկէ են, ապա կան այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու պատկան հաւատացեալներ՝ մօտ ինը առ հարիւր, իսկ բնակչութեան մնացածը չի պատկանիր ոչ մէկը կրօնի։

Քրիստոնէութիւնը երկրին մէջ մուտք գործած է Սպանական արշաւի ընթացքին՝ 1624 թուականին։ Աւետարանումի գործունէութեան մէջ առաջնահերթ տեղ ունի Յիսուսեան Միաբանութիւնը։  

1808-1828 թուականներուն Եկեղեցին կարեւոր դեր կ՛ունենայ նաեւ երկրին անկախութեան գործընթացքին մէջ։ 1830-ին լոյս տեսած Ուրուկուէյի առաջին սահմանադրութիւնը Կաթողիկէութիւնը կը հռչակէ որպէս Պետական կրօն։

1987ի 31 մարտէն՝ մէկ ապրիլին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը իր առաքելական միջազգային 33 ճամբորդութեան ընթացքին կ՛այցելէ Ուրուկուէյը ու երկրին մէջ արտասանած ճառի մը առթիւ կը վերահաստատէ երկրին կաթողիկէ ծագումը։ 11 տարի ետք՝ 7-9 մայիս 1988-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը երկրորդ անգամուան համար կ՛այցելէ երկիրը։

Ուրուկուէյի կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է մէկ աւագ թեմէ եւ ինը ենթաթեմերէ։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ունի իր սեփական կայքէջը www.iglesiauruguaya.com որուն միջոցաւ կը հրապարակէ «Օն լայն» պարբերաթերթ մը։ Երկրի տարածքին կը գործեն նաեւ երեք կաթողիկէ Ռատիոկայաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.