2017-11-16 09:49:00

Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դրան ոդիսականը…


Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի երկփեղկանի փայտեայ դուռը, սետղծուած է տարեթիւին` 1312: Հայ կիրառական արուեստի այս գլուխգործոցը այժմ կը պահուի մասնաւոր հաւաքածուի մը մէջ, Գանատա: Աներեւակայելի արկածային ժանրի ֆիլմի մը նման Մշոյ Սուրբ Կարապետի դրան յայտնաբերելու իրական պատմութիւնը, որու մասին մանրամասը կը պատմէ իր յուշապատումին մէջ ճարտարապետութեան դոկտոր, երջանկայիշատակ Արմէն Հախնազարեանը:

Փաստացի դուռը յայտնաբերած է Պոլիս բնակող գերմանացի արուեստագէտ Ռիխթըրը 1976-ին: Ան գնած է այդ դուռը իր թուրք հարեւանէն, որ իր հերթին, ատկէ մէկ տարի առաջ, հանգամանքներու բերումով գտնուելով Մուշի քրտաբնակ հեռաւոր գիւղերէն մէկը, անսպասելի գտած ու մեծ դժուարութիւններով տեղափոխած է այդ դուռը Պոլիս:

Ռիխթըր Թուրքիոյ մէջ գերմանական դեսպանատան ունեցած իր կապերու շնորհիւ կրցած է այդ թանկարժէք եւ բացառիկ պատմական նմուշը հանել երկրէն եւ տեղափոխել Ֆրանքֆուրթ` Գերմանիա, ու պահած է իր տունը: Իսկ արուեստագէտին մահէն ետք` արդէն 1996-ին, Մշոյ Սուրբ Կարապետի դուռը Լոնտոնի մէջ կը  դրուի աճուրդի եւ կը գնուի ընդամէնը 50 հազար տոլարով անյայտ անձի մը կողմէ: Յայտնի է միայն, որ ան ազգութեամբ հայ չէ: Եւ ատիկա այն պարագային, երբ աճուրդը նախապէս յայտարարուած եւ գովազդուած եղած է, ու հայերը պէտք է որ ամէն գինով ձեռք բերէին այդ` իրենց համար սուրբ ու անգին գանձը:

Ահա այսպիսի անհաւանական եւ տխուր պատմութիւն` կապուած Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դրան հետ` «Գարուն» ամսագիրէն (1997, թիւ 3): Ինչպէս կ՛ըսէր ֆրանսացի փիլիսոփայ Լարոշֆուքոն` «Մենք հեշտութեամբ կը մոռնանք մեր այն սխալները, որոնք յայտնի են միայն մեզի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.