Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Խոստում» ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակ Քրիս Քորնել արժանացած է «Խոստում» անուանումով մրցանակին, որ առաջին անգամ տրուած է Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ:
Նոյեմբեր 14-ին Լոս Անջճելըսի մէջ տեղի ունեցած է «Human Rights Watch-ի արդարութեան ձայներ» հանդիսաւոր ընթրիքը: Մրցանակը ներկայացուցած է յայտնի երաժիշտ եւ երգահան Սերժ Թանկեան: «Խոստում» ֆիլմի երգը կատարած են հանրայայտ One Republic խումբի անդամներ Ռայան Թետերը եւ Տրիու Պրաունը, կը գրէ news.am-ը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |