2017-11-15 09:24:00

Լաւրով Երեւան Եւ Պաքու Պիտի այցելէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ յառաջիկայ շաբաթ Երեւան եւ Պաքու պիտի այցելէ:

«Առաջին հերթին, այդ այցելութիւնները նուիրուած են Ռուսիոյ հետ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ատրպէյճանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակին: Քննարկումներուն օրակարգը պիտի ներառէ երկկողմանի համաձայնագիրներ, որոնք տարբեր են իւրաքանչիւր երկրի հետ: Պիտի խօսինք նաեւ միջազգային հարցերու մասին՝ փորձելով հասկնալ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վերջին հանդիպումէն ետք ո՛ւր հասած ենք ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով գործադրուող ջանքերուն մէջ», ըսած է նախարարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.