2017-11-15 12:07:00

Լամպրկինի ընկերութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց «Հուրական» տիպի ինքնաշարժ մը


(Ռատիօ Վատիկան) Լամպրկինի ընկերութիւնը իրականացուցած է «Հուրական» իր տեսակին մէջ միատիպ ինքնաշարժ մը եւ զայն նուիրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի,15 նոյեմբերին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի  կառոյցի առջեւ «Sant’Agata Bolognese» ինքնաշարժի ընկերութեան պատասխանատուներու՝ Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հանդիպումի ժամանակ։

Այս մասին յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, վերոնշեալ ինքնաշարժը՝ Sotheby’s աճուրդի մէջ պիտի դրուի ապա անոր հասոյթը Սրբազան Հայրը  պիտի  տրամադրէ հետեւեալ բարեսիրական ծրագիրներուն։

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» Քահանայապետական հիմնարկի միջոցաւ իրականացուած Նինւէ քաղաքի վերակառուցման ծրագիրին, որ ունի որպէս  նպատակ՝  երաշխաւորել Իրաքի Նինւէ քաղաք քրիստոնեաներուն վերադարձը, անոնց բնակարաններու, քաղաքի հանրային կառոյցներու եւ պաշտամունքի վայրերու վերակառուցման միջոցաւ։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ երեք տարի վերջ, Իրաքի Քիւրստիստանի շրջանի մէջ ներգաղթի վիճակ ապրելէ ետք քրիստոնեաները  վերջապէս պիտի կարենան իրենց արմատներուն վերադառնալ եւ իրենց արժանապատուութեան վերատիրանալ։   

Ինքնաշարժի հասոյթը պիտի տրամադրուի նաեւ Յովհաննէս ԻԳ Պապի անուան հասարակութեան, որուն մէջ խնամք կը տարուի պոռնիկութեան եւ մարդավաճառութեան զոհ կիներուն։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած ինքնաշարժի վաճառքի հասոյթը պիտի յատկացուի նաեւ Ւտալական երկու ընկերակցութիւններու՝«Փրոֆ Մարքօ Լանզեթայի» եւ Կեդրոնական Ափրիկէ բարեկամներ» անուան հաստատութիւններուն, որոնք Ափրիկէի մէջ երկար տարիներէ ի վեր կը մշակեն  յատկապէս մանուկներու եւ կիներուն յատկացուած բարեսիրական ծրագիրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.