2017-11-15 08:28:00

Աղքատներու Համաշխարհային օրը «մենք չենք սիրեր խօսքով այլ գործով»։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 19 նոյեմբեր 2017-ին պիտի նշուի աղքատներու նուիրուած Ա համաշխարհային օրը, հաստատուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ, Ողորմութեան  Յոբելենական տարւոյն աւարտին, 21 նոյեմբեր 2016-ին հրապարակած «Misericordia et misera» առաքելական նամակով։ Համաշխարհային այդ օրուան նպատակն է քրիստոնեայ հասարակութիւնը հրաւիրել օգնութեան հասանելու աղքատներուն, տկարներուն ու այն մարդոց ու կիներուն որոնց արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է։

Օրուան առթիւ Նոր Աւետարանումի խթանման Քահանայապետական  խորհուրդը որուն յանձնուած է վերոնշեալ օրուան ձեռնարկներու կազմակերպութիւնը, հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը հաստատէ թէ 4000 կարիքաւորներ, ընկերակցութեամբ կամաւորական կազմակերպութիւններու անդամներուն, աշխարհի զանազան թեմերէն, որոնց շարքին նշենք Փարիզը, Լիոնը, Վարշավիան, Քրաքովիան եւ Լուսսէնպըրկը,  պիտի ժամանեն Հռոմ՝ մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ՝ կիրակի 19 նոյեմբերի առաւօտեան 10-ին մատուցած Սուրբ պատարագի արարողութեան։

Սրբազան արարողութեան աւարտին վերոնշեալ հիւրերէն 1500ը պիտի հիւրընկալուին Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին պիտի մասնակցին այս առթիւ սարքուած ճաշկերոյթին, իսկ մնացեալ 2500-ը պիտի հիւրընկալուին Հռոմի կաթողիկէ զանազան վարժարաններու ու բարեսիրական հաստատութիւններու մօտ։

Աղքատներու ճաշին՝ ծառայութիւն պիտի մատուցեն Հռոմի թեմի 40 սարկաւագներ եւ 150 այլ կամաւորներ։

Աղքատներու միջազգային օրուան առթիւ նախատեսուած ձեռնարկներու շարքին արժանի է նշել նաեւ աղքատներուն տրամադրուած յատուկ ու ձրի մատակարարուած բժշկական սպասարկութիւնը, որ կարելի դարձաւ առողջապահական կեդրոններու համագործակցութեան շնորհիւ։

Համաշխարհային վերոնշեալ օրուան նախօրեակին Հռոմի պարիսպներէն դուրս՝ Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթքի հսկում նուիրուած կամաւորական աշխարհին որ ամէն տարի լրութեան մէջ  ծառայական յանձնառում կը նուիրեն աղքատներուն, անոնցմէ բազմաթիւերուն մատուցելով  ուրախութիւն եւ սփոփանք։

Աղքատներու միջազգային օրուան առթիւ պատրաստուած է վեց լեզուներով թարգմանուած հովուական ուղեցոյց մը որուն բնաբանն է «մենք չենք սիրեր խօսքով այլ գործով»։ Նշենք թէ Աղքատներու Միջազգային օրուայ նշումին առթիւ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ եւս նախատեսուած են աղքատներուն ի նպաստ ձեռնարկներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.