2017-11-14 08:36:00

Կարդինալ Չարլզ Մաունկ Պօյի կոչը Ֆրանչիսկոս Պապին Մայանմար ժամանումին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 13 նոյեմբերին, Եանկոնի արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Չարլզ Մաունկ Պօ կոչ մը կատարած է ժողովուրդին, Սրբազան Պապի՝ Միանմար կատարելիք այցելութենէն քանի մը շաբաթ առաջ։ Ան կոչ ուղղած է հաշտութեան եւ ազգային վերակերտումին՝ պայքարելով մնայուն աղքատութեան եւ տառապանքի դէմ, որուն ազդեցութեան տակ է ժողովուրդը, եւ յատկապէս երիտասարդները։ Ան կը դատապարտէ ատելութեան հրահրումը, եւ յոյս կը յայտնէ խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի մը, մասնաւորապէս երիտասարդ սերունդին համար, ինչպէս նաեւ իր աջակցութիւնը Աունկ Սան Սու Քիի կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն՝ մարդկային տագնապին եւ Ռըքայնի ցեղային լարուածութիւններուն լուծում գտնելու։ Այս տարածաշրջանին մէջ միշտ եղած են հակամարտութիւններ պուտտայական մեծամասնութեան եւ ռոհինճաներու իսլամ փոքրամասնութեան միջեւ։ Ծիրանաւորը կը յորդորէ որ իբր ազգ, ուշադրութիւնը դարձնեն մեծ մարտահրաւէրներուն՝ ինչպէս Միանմարի քաղաքացիներու մեծամասնութեան չքաւորութեան, միլիոնաւոր երիտասարդներու տառապանքներուն՝ որոնք վտանգաւոր պարտականութիւններու յանձնումով չարաշահուած են դրացի երկիրներու կողմէ՝ իբր արդի ժամանակներու ստրուկներ։ Այլ խնդիրներ են՝ չլուծուած հակամարտութիւններ եւ սահմանամերձ շրջաններու թմրանիւթի սպառնալիքը։

Երիտասարդները կը սպասեն, որ անոնց մատակարարենք որակաւոր ուսուցում եւ աշխատանքի առիթ ըսած է Ծիրանաւորը։ Պէտք է ականջ դնել երիտասարդներու լուռ աղաղակին։ Չենք կրնար մեր ուշադրութիւնը շեղել մնայուն խնդիրներէն։

Ասոր համար ան կոչ կ՛ուղղէ գործարարներու, համալսարանականներու, քաղաքական անձերու եւ մասնագէտներու՝ որ կերտեն ապագայ մը, որ յառաջացնէ խաղաղութիւնը եւ երիտասարդ սերունդի բարգաւաճումը, «առանց հրահրելու ատելութիւն՝ որ ինքնին ձախողանք մըն է՝ անհատները իբր մարդկային էակներ ճանաչումին մէջ։ Ոչ մէկ կրօնք ատելութիւն կ՛արծարծէ։ Իբր մարդկային էակներ կը բաժնեկցինք հասարակաց ճակատագրի մը։ Նոյնն են մեր արցունքները, նոյնն է մեր արիւնը։ Բոլորս պէտք է խուսափինք ատելութեան բոլոր արտայայտութիւններէն, որոնք կը թունաւորեն մտքերը եւ կ՛օգնեն մահուան վաճառականներուն, մինչ կեանքը ամենէն կարեւոր բանն է»։

Ծիրանաւորը կը հրաւիրէ պիրմացի ժողովուրդը որ բռնեն կազդուրումի ճանապարհ մը՝ հիմնուած հանդուրժողականութեան եւ ազգային միասնութեան վրայ։ Ան իր կոչը կը փակէ, ըսելով՝ «համագործակցինք պետութեան հետ՝ վերակերտելու այս ազգը։ Խաղաղ եւ բարգաւաճ նոր Միանմարի մը իրականացումը կարելի՛ է։»








All the contents on this site are copyrighted ©.