2017-11-14 10:43:00

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Չիլէ եւ Փերու կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի՝ 13 նոյեմբեր 2017-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 2018-ի՝ Յունուար 15 – 18 Չիլէ ապա 18-22 Փերու կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, որուն հիման վրայ Սրբազան Քահանայապետին Լատին Ամերիկեան այս երկիրներուն կատարելիք այցելութիւնը կը սկսի երկուշաբթի 15 յունուար 2018-ի առաւօտեան երբ Ան հրաժեշտ առնելով Վատիկանէն կ՛ուղղուի Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն կը մեկնի դէպի Չիլէի մայրաքաղաք՝ Սանթիակօ ուր կը ժամանէ երեկոյեան 20.10 անց։

Նորին Սրբութեան առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական հանդիպումներու օրակարգը կը սկսի երկրորդ օրը՝ 16 յունուարի առաւօտեան, Անոր քաղաքական, քաղաքացիական ու դիւանագիտական մարմնի հետ ունեցած հանդիպումով Զիլէի նախագահական պալատին մէջ, ուր եւ Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Երկրին նախագահին հետ, մինչ 10.30-ին  «Parque O’Higgins» տարածքին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը իսկ յետմիջօրէն յատուկ այցելութիւն կը կատարէ Սանթիակոյի իգական բանտին, որմէ ետք հանդիպում կ՛ունենայ Երկրին կղերական դասին, նորընծաներուն ու կրօնաւորներուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտի պատգամը հուսկ կը հանդիպի Չիլէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ ու երեկոյեան առանձնական այցելութիւն կը կատարէ Յիսուսեան Միաբան՝ Սուրբ Ալպերթօ  Հուրթատոյի Սրբավայրին. ուր առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Յիսուսեան Միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն հետ։

Չորեքշաբթի 17 Յունուար 2018-ին, Սրբազան Քահանայապետը Սանթիակոյէն կը փոխադրուի Թեմուքօ քաղաք ուր առաւօտեան 10.30-ին կը մատուցէ Սուրբ պատարագը « Maquehue» օդակայանին մէջ, ապա՝ “Madre de la Santa Cruz” կեդրոնին մէջ կէսօրուայ ճաշը կը բաժնեկցի Aracaunia-ի բնակիչներուն հետ որմէ ետք վերադարձ կը կատարէ Սանթիակօ՝ ու երեկոյեան՝ «Maipu» Սրբավայրին մէջ կը հանդիպի երկրին երիտասարդներուն, անոնց ուղղելով իր պատգամը որմէ ետք կ՛այցելէ Չիլէի Կաթողիկէ Քահանայապետական համալսարանը այնտեղ եւս արտասանելով ճառ մը։

Առաքելական ճամբորդութեան չորրորդ օրը՝ Հինգշաբթի 18 յունուարին, Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Փերու մեկնիլը կ՛այցելէ  Չիլէի «Iquique» քաղաքը ուր կը մատուցէ ճամբորդութեան առաջին փուլի եզրափակիչ սուրբ պատարագը  ու Լուրտի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրին մէջ իրեն ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթի աւարտին կը փոխադրուի Iquique օդակայան ուր տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք կ՛ուղղուի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Փերուի Մայրաքաղաք՝ Լիմայի օդակայան, ուր կը ժամանէ երեկոյեան 17.20-ին ու բարի գալուստի պաշտօնական արարողակարգէն ետք  կը փոխադրուի Լիմայի առաքելական պատուիրակութեան պալատ։

 Ուրբաթ 19 յունուարին Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Փուերթօ Մալտոնատօ քաղաք ուր նախատեսուած է հանդիպում՝երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, ապա Նորին Սրբութեան քաղաքավարական այցելութիւնը  Նախագահին հուսկ յատուկ հանդիպում Ամազոնեան շրջանի ժողովուրդներուն հետ ապա երկրին բնակչութեան հետ։ Նորին Սրբութիւնը կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի Ամազոնեան շրջանի ներկայացուցիչներուն հետ ապա «HOGAR PRINCIPITO» կեդրոնը այցելելէ  ետք վերադարձ կը կատարէ Լիմա՝ ուր երեկոյեան՝ Սան Փետրօ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Յիսուսեան Միաբանութեան անդամներուն հետ։

Շաբաթ 20 յունուարին՝ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Թրույիլլօ քաղաքը ուր առաւօտեան կը մատուցէ Սուրբ պատարագը ապա կ՛այցելէ «Պուէնոս Այրէս» թաղամասը մինչ յետմիջօրէին այցելութիւն կու տայ  քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ, ապա հանդիպում կ՛ունենայ կղերական դասին հետ որուն աւարտին նախատեսուած է Մարեմեան ջերմեռանդութեան արարողութիւնը  նուիրուած « VIRGEN DE LA PUERTA» Տիրամօր, որմէ ետք Սրբազան Հայրը կը վերադառնայ Լիմա՝ ու երկրորդ օրը՝ Կիրակի 21 Յունուարի առաւօտեան «Señor de los Milagros» սրբավայրին մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը՝ փակեալ կրօնաւորուհիներու հետ միասին, ապա Լիմայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կը մեծարէ Փերույի Սուրբերու մասունքները ու հանդիպում կ՛ունենայ Երկրին եպիսկոպոսներուն հետ՝ Լիմայի Եպիսկոպոսական Պալատին մէջ։ Կէսօրին Սրբազան Քահանայապետը «Plaza de Armas» հրապարակին վրայ կ՛արտասանէ Մարեմեան Աղօթքը ապա կը մասնակցի իրեն ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթին։

Յետմիջօրէի 4.15-ին օդանաւային “Las Palmas” կեդրոնի տարածքին մատուցած եզրափակիչ սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  կը փոխադրուի Լիմայի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու դէպի Հռոմ՝ ուր ժամանումը նախատեսուած է երկուշաբթի 22 Յունուարի 14.15-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.