2017-11-14 09:33:00

Գիտնալ համագործակցիլ մարդոց հետ


Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման սկզբունքներուն մէջ, համագործակցութիւնը հիմնական տեղ կը գրաւէ: Եթէ ուշադրութեամբ վերլուծենք Եկեղեցւոյ ընկերային զանազան շրջաբերականները , պիտի անդրադառնայինք որ համագործակցութիւնը նախ եւ առաջ արժէք մըն է: Արժէք մը, զոր կը շնորհինք ե՛ւ անհատներուն ե՛ւ հասարակութիւններուն, որոնք մեզ կը միացնեն : Ան կը կազմէ, ըստ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան քահանայապետին « հաստատ եւ անսակարկ որոշումը , աշխատելու յանուն մարդկային բարիքին, այսինքն՝ իւրաքանչիւր անհատին եւ համայն մարդկութեան, որովհետեւ իրապէս մենք պատասխանատու ենք բոլորին » :

Համագործակցութիւնը նաեւ գործնական աշխատանք է, որ արժէքը կամ առաքինութիւնը շօշափելի արարքներու կը վերածէ: Այլ խօսքով համագործակցիլ կը նշաշակէ բաժնեկից դառնալ, օժանդակել , ընկերակցիլ , նեցուկ կանգնիլ, ընդունիլ, հոգատարութիւն ընել, խնամել, մտահոգուիլ, զոհուիլ, եւ այլն:

Ոչ ոք կրնայ առանձին ապրիլ եւ անտեսել հասարակութիւնը: Որովհետեւ, պատկանելիութիւնը ընկերային զանազան շըրջանակներուն, ըլլան անոնք ընտանիք կամ որեւիցէ շրջանակ , ոչ միայն նիւթական վերապրումի սկզբունքը կը կազմէ, այլեւ մեր ինքնութիւնը մեր մտաւորական աճումը եւ մեր զգացականին հաւասարակշռութիւնը:

Չենք կրնար բաժնել համագործակցութիւնը աւետարանչութենէն, որովհետեւ աւետարանչութիւնը կ'ենթադրէ շօշափելի մասնակցութիւնը մարդով կեանքին , այսինքն՝ այն բոլոր մարդոց որոնք հոգեկան կամ մարմնական դժբախտութիւնը ունին: Հետեւաբար, այն ինչ որ կրնայ մարդիկը ընկերութիւններուն մօտեցնել ներկայ աշխարհին մէջ, ուր այնքան ներդաշնակ է եւ միեւնոյն ատեն շատ բաժնուած, աւետարանչութեան մաս կը կազմէ: Արդարութեան հաշտութեան եւ ներողամըտութեան փնտռտուքը , ինչպէս նադւ ցեղապաշտութեան գերազանցումը մաս կը կազմեն եղբայրութեան, որ իր աղբիւրը կը գտնէ Աստուծոյ Հօր մէջ :

Համագործակցութիւն բառը, առաջին անգամ քրիստոնէական բարբառին մէջ մուտք գործեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին օրով: Անոր ընկերային շրջաբերականներուն մէջ, համագործակցութիւն բառը բազմաթիւ կերպերով գործածուած են: Ըստ իրեն, ան պէտք է ըլլայ բոլորին համար , այսինքն՝ պէտք չէ սահմանափակուի միայն Քրիստոնեայ կրօնքով , անոր ցեղով դասակարգելով ու շրջանակներով, որովհետեւ բոլոր մարդկութիւնը հաւասարապէս սիրուած է Աստուծմէ :

     Նմանապէս, Յովհաննէս Պօղոսին համար, համագործակցութիւնը կը հասնի մինչեւ ներողամտութիւն եւ հաշտութիւն : Սակայն , երբ մէկու մը ներողութիւնը կը խնդրենք նախատելէն ետք, ասիկա կը նշանակէ որ կ'ուզենք մեր կեցուածքը փոխել իրեն հանդէպ , այլ խօսքով՝ դարձի գալ: Արդ, համագործակցութեան պարտականութիւնը կը դառնայ կոչ մը հաշտութեան եւ ներգործութեան : Այն ատեն, բոլոր մեքենայութիւնները , որոնք մարդս կը նուաստացնեն արմատախիլ կ'ըլլան:

Ահաւասիկ , ուրեմն համագործակցութեան սկզբունքը : Համագործակցութեան պարտականութիւնը մէկ խօսքով սիրոյ եւ ողորմութեան արտայայտութիւն է կարիքաւիրներուն հանդէպ: Որովհետեւ, ինչպէս կ'ըսէ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը « փոխադարձ սիրով եւ յատկապէս պաղատանքով է որ մենք կարիքաւորներուն ցոյց կու տանք որ մենք Յիսուսի իսկական առաքեալներն ենք » :

Եկէք ուրեմն աւելի գիտակցինք ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրներուն եւ գրաւականներուն եւ աւելի յանձառու ըլլանք արդարութեան եւ համագործակցութեան:

 

Հայր Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.