2017-11-13 09:17:00

Միւֆթի Տըրիան – Եազիժի Պատրիարք հանդիպում։


Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք Լիբանանի մէջ բռնկած տագնապը:

Հանդիպումին ընթացքին Եազիժի պատրիարքը ողջունեց այդ տագնապը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը, որոնք կը միտին պահպանել երկրին ազգային միասնականութիւնը:

Միւֆթի Տըրիան եւ Եազիժի պատրիարքը հաստատեցին, որ իրենք կեդրոնացած են Լիբանանը բաղկացնող բոլոր տարրերուն միջեւ միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ բոլորին միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ տագնապէն անվտանգ դուրս գալ








All the contents on this site are copyrighted ©.