2017-11-13 11:08:00

«Գայթակղութիւնները կը վիրաւորեն ու կը սպանեն սրտերն ու յոյսը» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի 13 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան կանուխ՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան  մէջ, Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Մատթէոս աւետարանիչէն, խօսքը կեդրոնացուց գայթակղութեան վրայ ու Յիսուսի այն զգուշացումին «Վայ մարդուն, որուն ձեռքով կու գայ գայթակղութիւնը» եւ աշակերտներուն ուղղած յորդորին՝ «զգոյշ ըլլալու» ու գայթակղութիւն չի պատճառելու։ «Որովհետեւ», ըսաւ Սրբազան Հայրը, «գայթակղութիւնը կը վիրաւորէ ու կարող է նաեւ սպաննել՝ կը սպանէ յոյսը, իղձերը, ընտանիքներ ու բազմաթիւ սրտեր» ու դիտել տուաւ թէ բազմաթիւ քրիստոնեաներ եւս իրենց գէշ օրինակով պատճառ կը դառնան մարդոց հեռացումին, ապա նշեց թէ քրիստոնեաներու պատասխանատուութեան պակասը՝ սատանային ամենայարմար զէնքն է, տկարացնելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը ու զայն հեռացնելու Տիրոջմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալ թէ ի՞նչպէս կ՛ապրինք մեր կեանքը, եթէ հետեւողական ենք կամ անպատասխանատու ու հաստատեց թէ Յիսուս մեզի կ՛ըսէ թէ կարելի չէ ծառայել երկու տէրերու՝ Աստուծոյ ու դրամին ու թէ երբ Հովիւ մը կապուած է դրամին՝ գայթակղութեան պատճառ կը դառնայ։

Ամէն մէկ Հովիւ պէտք է ինքնիրեն հարց տայ «ի՞նչպէս է իմ  յարաբերութիւնս դրամին հետ» , եթէ ան հեզութեամբ յառաջ կը տանի իր առաքելութիւնը մօտիկ ըլլալով Աստուծոյ ժողովուրդին եւ կամ ինքզինք կը դասէ ժողովուրդէն վեր։ Այսօր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, յարմար օր մըն է խղճի քննութիւն կատարելու  ու հասկնալու եթէ գայթակղութիւն կը պատճառենք թէ ոչ, ապա պատասխան տալու Տիրոջ ու քիչ մը աւելիով մօտենալու Անոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.