2017-11-11 08:32:00

Ֆրանսա-Թուլուզի մէջ վրայերթ


Երեք չինացի ուսանողներ վիրաւորուեցան, երբ Ֆրանսայի հարաւարեւելեան Թուլուզ քաղաքին մօտ ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկեց խումբ մը ուսանողներ:

Դէպքը տեղի ունեցաւ Թուլուզի Պալնիաք արուարձանին մէջ գտնուող քոլեճի մը առջեւ: Ոստիկանական աղբիւրներ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն յայտնեցին, որ դէպքը դիտաւորեալ է եւ անոր 28-ամեայ հեղինակը ձերբակալուած է:

Ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ ան նախապէս փոքր յանցանքներ գործած է, մասնաւորաբար թմրեցուցիչներու առնչուած:

Վիրաւորները, որոնք 22 եւ 23 տարեկան են, փոխադրուած են հիւանդանոց: Անոնցմէ երկուքին վիճակը ծանր է:








All the contents on this site are copyrighted ©.