2017-11-11 13:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սիերրա Լէոնէի հանրապետութեան նախագահին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր առաւօտեան՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Սիերրա Լէոնէղյի հանրապետութիւն նախագահին՝ վսեմաշուք Տիար Էրնեսթ Պայ Քորոմային որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակէրըի հետ։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Սիերրա Լէոնէյի միջեւ տիրոջ բարի յարաբերութիւնները ու Եկեղեցւոյ կարեւոր սատարը Երկրին նիւթական ու  բարոյական վերաշինութեան աշխատանքին յատկապէս դաստիարակչական, ընկերային ու առողջապահական մարզերէն ներս։

Նկատի առնելով կրօնի ազատութեան ու կրօնական զանազան խումբերու միջեւ խաղաղ համակեցութեան ու փոխադարձ յարգանքի իրականութիւնը ընդգծուեցաւ ազգային միութիւնը խթանելու կարեւորութիւնը, արժեւորելով երկրին կրօնական ու մշակութային պատմական զանազան աւանդոյթներու հարստութիւնները, մարդկային իրաւունքի ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքի յարգանքի հիման վրայ.

Ւ վերջոյ փոխադարձ տեսողութիւններ յայտնուեցան միջազգային հարցերու շուրջ յատկապէս մատնանշելով տարածաշրջանը յուզող ներկայի մարտահրաւէրներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.