2017-11-11 09:39:00

Տիեզերական եկեղեցին կ՝ունենայ այլ 60 մարտիրոս երանելիներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2017-ին, Սպանիոյ մայրաքաղաք՝ Մատրիտի մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Սուրբ Պապարագի արարողութեան ընթացին   երանելի կը հռչակէ  60 մարտիրոսներ, որոնց շարքին՝ Հայր Վինսենթ Քուերալթ Լլորեթ  ու անոր 20 կրօնաւոր ընկերները (†1936-1939) եւ  Խօսէ Մարիա Ֆերնանտեզ եւ  անոր 38 կրօնաւոր, քահանայ եղբայրակիցները։

Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը անդրանալով վերոնշեալ նորահռչակ երանելիներուն, զանոնք ներկայացուց երկու խմբակներու  մէջ։   

Առաջին խմբակին մաս կը կազմեն 21 մարտիրոսներ, կազմուած «Միսիոնէ» միաբանութեան 7 քահանաներէ,  թեմական այլ 5 քահանաներէ,  «սիրոյ դուստրեր» միաբանութեան երկու քոյրերէ, եւ»  Figli di Maria della Medaglia Miracolosa ընկերակցութեան 7 աշխարհականներէ։ Առաջին խմբակի երանելիները  սպաննուած են 1936-1937 տարիներուն, Պարսելոնայի, Ճենովայի, Վալենսիայի եւ Քարթաժենայի թեմերու տարածքին վրայ։ Անոնք սպաննուած են իրենց դաւանած    կաթողիկէ հաւատքին համար՝ Սպանիոյ մէջ  կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած հալածանքներու ժամանակ։

Անդրադառնալով առաջին խմբակին մաս կազմող Հայր Վիչենթէ Քուրլալթնմ մասին կարդինալ Ամաթօ,  յայտնեց թէ ան  42 տարեկան  եւ հմուտ քահանայ մըն էր։ Այնքան բարի , որ   իր ընտանիքէն ստացածը  կարիքաւորներուն կը  բաշխէր։   Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ հալածանքի օրերուն, կղերակամը իրեն ծանօթ մէկու մը կողմէ դաւաճանուելով, զէնքի փամփուշտով մը սպաննուած է՝  30 նոյեմբեր 1936-ին։

Ինչ կը հայի երկրորդ  ՝ 39 մարտիրոսներու  խումբին, ծիրանաւորը նշեց թէ բոլոր սպաննուած են Մատրիտի թեմի տարածքին վրայ՝ 1936- թուականին առաջին եռամսեային։  

Կարդինալը զրոյցը աւարտեց կոչ ուղղելով հետեւելու եւ նմանելու մարտիրոսներուն, անոնցմէ քաղելով հաւատքի, յոյսի   եւ քաջութեան օրինակ,  սնունդ տալու համար մեր առօրեայ կեանքին։   








All the contents on this site are copyrighted ©.