2017-11-11 08:34:00

Անցեալ տարի Հայաստանէն հեռացած են աւելի քան 7000 աշակերտներ


2016-2017 ուսումնական տարուան ընթացքին Հայաստանէն մեկնած են հանրակրթական դպրոցներու 7117 աշակերտներ, որոնց կէսէն աւելին՝ 4076ը՝ տղայ:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հրապարակած վիճակագրական տուեալներուն համաձայն՝ արտահոսքի մեծագոյն տոկոսը բաժին կ՛ինայ մայրաքաղաքին:

Արդարեւ, Երեւանէն հեռացած են 2600 աշակերտներ, Արագածոտնի մարզէն՝ 208, Արարատէն՝ 623, Արմաւիրէն՝ 798, Գեղարքունիքէն՝ 517, Լոռիէն՝ 654, Կոտայքէն՝ 707, Շիրակէն՝ 573, Սիւնիքէն՝ 114, Վայոց Ձորէն՝ 81 եւ Տաւուշէն՝ 242 աշակերտներ:

2016-2017 ուսումնական տարուան ընթացքին այլ երկիրներէ Հայաստան եկած են 2373 աշակերտներ, որոնցմէ՝ 1113ը՝ աղջիկ:








All the contents on this site are copyrighted ©.