2017-11-10 08:41:00

Ռայի Պատրիարքը պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա։


Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց իր հանդիպումները, որոնց ընթացքին հանրապետութեան նախագահը շեշտեց Հարիրիի վերադարձին անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր հետ քննարկել հրաժարականին մանրամասնութիւնները եւ այդ իմաստով կեցուածք մը որդեգրել:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ միասնականութեան սպառնացող որեւէ քայլի դէմ պիտի դրուի:

Նշենք նաեւ, որ նախագահ Աուն Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը գործուղեց Յորդանան` հանդիպում մը ունենալու համար Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Սակայն նախագահական պալատը հաղորդեց, որ նախագահ Աուն եւ Ռայի պատրիարք մնայուն գործակցութեան մէջ են` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը պիտի շարունակէ նախագահ Աունի սկսածը:

Նախագահ Աուն-Ռայի պատրիարք հանդիպումէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Ռայի պատրիարքը երկուշաբթի օր պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, ուր պիտի հաստատէ, որ Լիբանանը իրանեան-սէուտական պայքարի դաշտ չէ:

Նշուեցաւ նաեւ, թէ Ռայի պատրիարքը սէուտցի պատասխանատուներէն խնդրած է նաեւ, որ Ռիատի մէջ հանդիպի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, եւ անոր պահանջին ընդառաջում կատարուած է:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը կառավարական կազմ մը այլ կազմի հետ փոխելու տագնապ մը չէ, այլ` աւելի լուրջ հարց մը: «Իսկ երկրին անդորրը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը կ՛երաշխաւորուին միայն լիբանանեան ազգային միասնականութեան պահպանումով», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.