2017-11-10 10:20:00

Մեսրոպեանի աշակերտը կը ստանայ ROBOTICS-Ի մարզիչի վկայական


Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտ Ժաք Տարաքճեան ամբողջացուց VEX EDR Robotics-ի մարզիչներու պատրաստութեան դասընթացքը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբերի առաջին շաբաթավերջին, NDU համալսարանին մէջ:

Ժաքը եղաւ միակ դպրոցականը, որ ստացաւ Robotics-ի մարզիչի համապատասխան վկայական. թիւով 13 միւս բոլոր մասնակիցները կու գային լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ:

Մօտ 25 ժամ տեւողութեան եռօրեայ դասընթացքին արդիւնքով, Մեսրոպեանի աշակերտը հիմնովին ամրապնդեց  Robotics-ի վերաբերեալ իր գիտելիքները, ինչ որ մեծապէս պիտի օգնէ, որ ան դպրոցին մէջ զարկ տայ այս ճիւղին հանդէպ աշակերտներու հետաքրքրութեան եւ այդ նպատակին ուղղուած աշակերտական ակումբի գործունէութեան:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.