2017-11-10 09:52:00

Հայկական վանականութիւնը Հայոց պատմութեան հոլովոյթին


Նախորդ հաղորդումներուն մէջ տեսանք, թէ որքան կարեւոր է աղօթքը վանական կեանքին մէջ։ Նկատի առնելով, որ Սուրբ Պատարագը իբր աղօթք եւ առաւել եւս իբր աստուածային զոհ շատ աւելի բարձր տեղ կը գրաւէ քրիստոնէական կեանքին եւ յատկապէս կրօնաւորներու կեանքին մէջ, այսօր Սուրբ Պատարագի եւ անոր կարեւորութեան մասին լսենք վկայութիւններ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացէն, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիէն եւ Սուրբ Յովհաննէս Մանդակունիէն։

Ներսէս Լամբրոնացի Պատարագի մեկնութեան մէջ կը գրէ՝ «Արդ պատարագիչ ըլլալով, ճանչնանք թէ պատարագելը ուրիշ բան չէ, բայց եթէ խօսակցութիւն Աստուծոյ հետ։ Կը խօսինք Աստուծոյ հետ՝ ոչ թէ այնպիսի բաներու մասին, ուր կʼենթադրենք թէ Աստուած չի գիտեր ատոնք, եւ թէ մենք պէտք է յիշեցնենք Անոր։ Ան գիտէ մեր խորհուրդը. մենք յօժար կամքով Անոր հետ կը խօսինք՝ աշխարհի փրկութեան համար։ Եթէ մենք այս բանը մտաւոր կերպով չճանչնանք, եւ փափաքներու իղձերը աղօթքին հետ չզուգենք, այլ միայն վարանեալ խորհուրդով՝ Աստուծոյ կʼուզենք ուսուցանել, Աստուած կը մնայ իր գիտութեան մէջ, դուրս մեր ճանաչումէն. եւ մենք դատարկ եւ անշահ կը հեռանանք Անոր երեսէն, զԱյն մտքի տեսական աչքերով չենք տեսներ, եւ ոչ ալ պարգեւներ կʼընդունինք։

Իսկ եթէ բոլոր աղօթքներու ժամանակ այս կը պահանջուի մեզմէ, ո՞րքան առաւելապէս պատարագի խորհուրդին ժամանակ, որուն ընթացքին ոչ միայն կʼաղօթենք, այլ Աստուծոյ հետ հարազատօրէն եւ ընտանեբար խորհուրդի մէջ կը մտնենք եւ անոր հետ կը խօսքին։»

Ներսէս Շնորհալի Ընդհանրական Թուղթին մէջ վանականներուն ուղղելով խօսքը, կը գրէ՝ «Ձեր սրտին մէջ ցանկութեան օտար կրակը մի ընդունիք, եւ այդպիսով աստուածային պարտարագի խորհուրդը եւ աղօթքը մի մատուցանէք, ինչպէս Ահարոնի որդիները՝ Նաբադ եւ Աբիուդ. այլ ամենէն առաջ, իւրաքանչիւրը խոստովանութեամբ մաքրուի անմաքուր խորհուրդներէն եւ գործերէն, եւ առաքինութեամբ ինքզինքը կենդանի Աստուծոյ կենդանի պատարագ մատուցանէ, եւ ապա այն մաքուրին մերձենայ եւ Սրբոց Սրբութեան սպասաւորէ, որ չըլլայ թէ անոնց նման այն տանջողական կրակովը հոգին այրի հոս՝ խղճմտանքով, եւ անդին՝ անշիջանելի բոցով։»

Ներսէս Լամբրոնացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի խօսքերուն մէջ կը տեսնենք, թէ որքան կարեւոր է անհատի դիտաւորութիւնը եւ հոգեկան մաքրութիւնը, երբ ան կʼաղօթէ եւ մասնաւորապէս երբ կը մօտենայ Սուրբ Զոհին։ Կրօնաւորներու նպատակն է ձգտիլ կատարելութեան, «նմանիլ հրեշտակներու» եւ միշտ աւելի մօտենալ Աստուծոյ։ Սուրբ Պատարագի զոհը գերազանց միջոց է այդ ճանապարհին վրայ։

Յովհաննէս Մանդակունի ունի ճառ մը, որ խորագրուած է՝ «Սուրբ Խորհուրդին զգուշութեամբ եւ երկիւղով մերձենալու մասին»։ Սուրբ Հայրապետը կը գրէ՝ «Երբ կը յիշեմ ահագին եւ մեծ Խորհուրդի մերձենալու մասին, ոսկորներս կը սոսկան դողալով, հոգիս կը սարսափի ահէն, միտքս՝ երկու կողմ ընթանալով, կʼալեկոծի հանապազ. կʼուզեմ մօտենալ Փափագելիին, բայց անարժան ըլլալս կʼարգիլէ, իսկ մերժելը եւ հեռանալը կորուստ է հոգիիս։ Շատերը կը մօտենան վատաբար, ոմանք հեռու կը մնան անօրինաբար։ Երկուքն ալ սատանայէն են. որովհետեւ մէկը, չիմանալով ահեղ Խորհուրդի զօրութիւնը, ընտելացած սովորութեամբ կը մօտենայ խղճմնատնքով՝ ոչ թէ փրկութեան՝ այլ դատապարտութեան, ոչ թէ մեղքերու թողութեան՝ այլ իր անօրէնութիւնը աւելցնելու համար։ Իսկ միւսը կը հեռանայ՝ արհամարհելով, կարեւոր չհամարելով այն, որովհետեւ չի ճանչնար մեծ Խորհուրդի զօրութիւնը եւ շնորհքները։ Կամ ալ, Խորհուրդը պատիւ համարելով, յաճախ չեն մօտենար։ Կեանքէն հեռանալը եւ խաւարն ու մահը փափագիլը ո´չ թէ պատիւ են, այլ յիմարութիւն եւ ծուլութիւն։ Այդ մասին Տէրը ինք կʼըսէ, թէ՝ ʼԵս եմ կենդանի հացը. եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան կʼապրի, եւ այն հացը, զոր ես պիտի տամ, իմ մարմինս է, որ ես պիտի տամ, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայʼ (Յովհ Զ. 51-55)։ Եւ արդ, ամէն ոք, որ կը հեռանայ Քրիստոսի մարմնէն եւ արիւնէն, ինչպէս առաւել հաստատելու համար կʼաւելցնէ ʼՃշմարիտըʼ՝ ʼՃշմարիտ, ճշմարիտ կʼըսեմ ձեզի, եթէ չուտէք մարդու Որդիին մարմինը եւ չխմէք Անոր արիւնը, ձեր մէջ կեանք չէք ունենարʼ (Յովհ Զ. 54)։»

Յովհաննէս Մանդակունիի այս խօսքերուն մէջ կը տեսնենք, թէ որքան կարեւոր է Սուրբ Պատարագի զոհը, կամ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգել կարենանք։ Պէտք է մերձենանք Սուրբ Զոհին՝ մաքուր սրտով, լաւ պատրաստութեամբ, եւ անկէ հեռու չմնանք սին պատրուակներով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.