2017-11-10 08:15:00

«Populorum Progressio» ընկերային շրջաբերականի 50-ամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի մէջ, Պօղոս Զ. Պապի «Populorum Progressio» ընկերային շրջաբերականի 50-ամեակին առիթով, կազմակերպուած է գիտաժողով մը, «Պօղոս Զ., արդիականութեան քահանայապետը» տիտղոսով։ Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է գիտաժողովի պատասխանատու մարմիններուն եւ մասնակիցներուն։

Պօղոս Զ. Պապի յիշեալ շրջաբերականը հանդիսական կոչ մըն էր, կենդրոնանալու մարդու համապարփակ զարգացումին եւ մարդկութեան զօրակցական յառաջացումին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ թէ այդ կոչը պէտք է հնչէ նաեւ մեր օրերուն, մինչ աշխարհի շատ մը կողմեր աղքատութիւնը կը ծաւալի եւ խաղաղութիւնը օրըստօրէ կ՛անտեսուի։ Կերտելու համար խաղաղութիւնը պէտք է ջնջել անհամաձայնութեան պատճառները, սկսելով անարդարութիւններէն։ Մարդոց մէջ եղած խաղաղութիւնը արդարութեան արարքն է։ Ասոր համար, Սրբազան Հայրը կը յորդորէ գիտաժողովի մասնակիցները, որ իրենց ուշադրութիւնը կենդրոնացնեն «ժողովուրդներու միջեւ կայացած արդարութեան» վրայ։ Սա պէտք է ներշնչուած ըլլայ Աւետարանէն, որ կը յորդորէ տարածել քրիստոնէական սէրը, հաւատքը եւ յոյսը։

Գիտաժողովը կ՛անդրադառնայ նաեւ Իտալիոյ հանդէպ սէր ցուցաբերելու հարցին նկատի առնելով Պօղոս Զ. Պապի ունեցած սէրը իր հայրենիքին հանդէպ, ինչպէս նաեւ իտալացի ժողովուրդին ոգին որ կը վկայէ թէ զօրակցութիւնը եւ մերձաւորութիւնը հիմնական եւ անբաժանելի մասեր են մարդկային հասարակութեան։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը գիտաժողովի մասնակիցներուն կ՛ուղղէ իր մաղթանքի խօսքերը եւ իր Առաքելական Օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.