2017-11-09 10:48:00

Վատիկանի արտգործ նախարար՝ Գերապայծառ Կալլակէր այցելեց Արժանթինը։


(Ռատիօ Վատիկան) 4-7 նոյեմբեր 2017-ինՊետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակէր՝ ընդառաջելով երկրին պետական իշխանութիւններու հրաւէրին յատուկ առաքելութեամբ մեկնած էր Պուէնըս Այրէս ուր  առիթը ունեցաւ հանդիպում ունենալու Երկրին նախագահին հետ. զրուցելով Արժանթինի ընկերային ասպարէզին հայող հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ աղքատութեան դէմ պայքարին, կաշառակերութեան վերացումին ու թմրանիւթերու ապօրինի վաճառման հարցերու շուրջ։

Գերապայծառ Կալլակէր հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արժանթինի Սրտագին Գործոց նախարարին հետ։ Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ երկու պետութիւններուն միջեւ՝ 140 տարիներէ ի վեր տիրող դիւանագիտական ամուր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան միջազգային քաղաքականութեան ու տարածաշրջանին հայող հարցեր ու մաղթանք յայտնուեցաւ շարունակելու համագործակցութիւնը՝ դիմագրաւելու համար երկու կողմերը հետաքրքրող հարցերը։

Կիրակի 5 նոյեմբերին գերապայծառ Կալլակէր Պուէնըս Այրեսի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Վատիկանի ներկայացուցիչը խրախուսեց ներկաները միշտ վառ պահելու հաւատքի լապտերը, որ դարբնեց երկիրը ու կը շարունակէ հանդիսանալ ուղեցոյց մը՝ հաւատացեալներուն ու հովիւներուն՝ իրենց առօրեայի ունեւորութեան ընթացքին - յայտնեց Գերապայծառ Կալլակէր որ պաշտօնական հանդիպումներու շարքին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արժանթինի Կառավարութեան Պետական ներկայացուցիչն հետ, անոր հետ քննարկելով Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութեան հայող հարցեր, ապա 6 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ան հանդիպում ունեցաւ Արժանթինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ անոնց հետ ունենալով սիրալիր զրոյց մը, հուսկ վերջին օրը՝ Գերապայծառ Կարլլակէր հանդիպեցաւ Արժանթինի Միջազգային յարաբերութիւններու Խորհուրդի անդամներուն հետ անոնց հետ քննարկելով այժմէականութեան հայող հարցեր։ Չորեքշաբթի 8 նոյեմբերին Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղարը վերադարձ կատարեց Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.