2017-11-09 13:30:00

«Հանդիպումի մշակոյթը կը տապալէ աշխարհը բաժնող պատնէշները» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 9 նոյեմբեր 2017-ին կը յիշատակուի Լատերանի Պազիլիքայի օծման տօնը եւ Պերլինի պատին փլուզումի տարեդարձը։ Այս վերջինիս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ ընդգծեց հանդիպումի մշակոյթի կարեւորութիւնը, որ՝ գրեց Նորին Սրբութիւնը, կարող է տապալել պատեր որոնք տակաւին աշխարհը կը բաժնեն։

«Թող որ միշտ աւելիով տարածուի հանդիպումի մշակոյթը որ կարող է փլուզել բոլոր այն պատերը որոնք տակաւին աշխարհը կը բաժնեն» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ ՝ 9 նոյեմբերին հրապարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.