2017-11-09 10:13:00

Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետը Աստուծոյ Ծառաներու շարքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 8 նոյեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհելով Սուրբերու Դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթոյին, արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու Սուրբերու Դատի ժողովին շարադրած հետեւեալ հրամանագիրերը։

Աստուծոյ Ծառայ Հայր Ճովաննի Պրենների մարտիրոսութեան հայող հրամանագիրը։ Ան ծնած էր 27 դեկտեմբեր 1931-ին Հունգարիոյ մէջ ու իր հաւատքին համար նահատակուած 15 դեկտեմբեր 1957-ին։

Աստուծոյ աղախին՝ Մխիթարութեան Միսիոնար Քորերու միաբանակից  Քոյր Լէոնելլա Սկորպաթիի մարտիրոսութեան համարագիրը. Ծնեալ 9 դեկտեմբեր 1940-ին Իտալիոյ մէջ ու իր մահկանացուն կնքած հաւատքի համար՝ Մոկատիշոյի մէջ 17 սեպտեմբեր 2006-ին։

Ապա՝ Երանելի Պերնարտօ դի Պատէնի հերոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրը։ Հուսկ Աստուծոյ Ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետի հերոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրը։ Ան ծնած էր 17 հոկտեմբեր 1912-ին Իտալիոյ Քանալէ Տ՛ակորտօ քաղաքին մէջ ու մահացած 28 սեպտեմբեր 1978-ին Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ՝ 33 օր տեւած քահանայապետութեան աւարտին։

Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց նաեւ Աստուծոյ ծառաներ՝ Հայր Կրէկորիօ Ֆիորավանդիի, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Թոմմազօ Մորալէս Փերեսի, իտալացի աշխարհական նուիրեալ՝ Մարչելլինօ Տա Քափրատոսսոյի եւ Աստուծոյ աղախին՝ Թագադիր Ամենասուրբ Մարիամի աղքատ քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր՝  քոյր Թերեզա Ֆարտելլայի հերոսական առաքինութիւններուն հրամանագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.