2017-11-08 09:45:00

Քնեսեթը «Պատրաստ է Աջակցելու Բարեկամ Հայաստանին»


Իսրայէլի Քնեսեթի խօսնակ Եւլի Եոյլ Էտէլսթայն ըսած է, որ «Քնեսեթը պատրաստ է ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերել բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու համակողմանի զարգացման»:

ՀՀ ԱԳՆ տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` Էտէլսթայն այս մասին նշած է ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ հանդիպմանի ժամանակ։ Նալպանտեան պաշտօնական այցով Իսրայէլ կը գտնուի:

Կողմերը բարձր գնահատած են երկու խոհրդարաններու միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը, քննարկած միջխորհրդարանական կապերու սերտացումը, միջազգային կառոյցներու ծիրէն ներս համագործակցութիւնը:

Անդրադառնալով Քնեսեթի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման` Եւլի Էտէլսթայն նշած է, որ իր տեսակէտը ճանաչման կարեւորութեան վերաբերեալ յայտնի է, եւ ինք զայն արտայայտելու բազմաթիւ առիթներ ունեցած է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.