2017-11-08 10:01:00

Վատիկանի մէջ գումարուած « մարդավաճառութեան դէմ» համագումարի արդիւնքները։


(Ռատիօ Վատիկան)  Վերջ գտաւ Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառի նախաձեռնութեամբ Վատիկանի մէջ գումարուած «մարդավաճառութեան» մասին համագումարը, որուն աւարտին, երեքշաբթի, 7 նոյեմբերին,  տեղի ունեցաւ մամլոյ  ասուլիս ու  ներկայացուեցան ժողովին արդիւնքները։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցաւ Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառի քարտուղար՝ Արքեպսիկոպոս Մարչելլօ Սանչեզ Սորոնտօ , որ նշեց,  թէ    մարդավաճառութեան  ոճրագործութեան  հակազդելու  համար, ժողովին ընթացքին,   որոշուած է  լաւագոյն գործնական ձեւեր որդեգրել,  «մարդավաճառութիւնը» օգտագործողները  յայտարարել մեղսակից,  որովհետեւ անոնք են որ շուկայ կը ստեղծեն։ Ան շեշտեց թէ մարդավաճառութեան սպառողները պէտք են պատժուիլ,  յոյս յայտնելով որ այս օրէնքը որդեգրուի  բոլոր այլ  երկիներուն մէջ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.